
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ այլախոհներու իրաւունքներու ոտնակոխումները եւ կամ քիւրտերու դէմ շարունակուող հալածանքերը անտեսող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս երկրէն դուրս գալով՝ սկսած է ժողովրդավարական դասեր բաժնելու:
Արդարեւ, Եգիպտոս իր այցելութեան ծիրին մէջ, Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13ի նիստին առջեւ վարչապետը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ թուրք-արաբական պատմական, քաղաքական եւ ընկերային յարաբերութեանց անդրադառնալէ ետք, յայտարարեց. «Պէտք չէ օրինական պահանջները ճնշենք, բիրտ ուժ կիրարկենք եւ զանոնք պահանջողներուն արիւնը թափենք», շեշտելով, որ բարեփոխումները պէտք չէ ուշացնել։ «Մեր դիմաց դժուար երթ մը ունինք եւ պէտք է զգուշանանք զայն արգելակել փորձող կողմերէն», ըսաւ ան՝ ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ ան կ՛արտայայտուի ոչ թէ արաբական աշխարհի, այլ Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն մասին:
Թուրքիոյ վարչապետը կարկինը աւելի մեծ բանալով՝ նաեւ կոչ ըրաւ Իսրայէլի, որ յարգէ մարդկային իրաւունքները՝ Իսրայէլէն պահանջելով Կազայի շրջափակումին վերջ տալ եւ «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն միջադէպին համար Թուրքիայէն ներում հայցել ու փոխհատուցում կատարել, «այլապէս՝ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները պիտի չվերականգնուին եւ ամբողջովին պիտի խզուին»։