ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Կրօնական ազատութեան մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տեղեկագիրին կապակցութեամբ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ողջունած է Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններէն 1936 թուականէն ետք գրաւուած որոշ կալուածները վերադարձնելու կապակցութեամբ Անգարայի վերջին որոշումը՝ զայն «կրօնական հանդուրժողութեան առաջնորդող լուրջ քայլ մը» նկատելով:
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուէր, թէ Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ կան պետութեան ամբողջականութեան կամ աշխարիկ կարգավիճակին վերաբերեալ յօդուածներ, որոնք կը շարունակեն սահմանափակումներ դնել կրօնական ազատութիւններուն առջեւ։