ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիաս Թուրքիան անբաստանեց շրջանին մէջ լարուածութիւն հրահրելու յանցանքով՝ դատապարտելով Կիպրոսի մէջ կազի պեղումները արգիլելու անոր փորձերը: Քրիսթոֆիաս, սոյն հարցը քննարկած Կիպրոսի նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց, որ «Թուրքիա վերջերս մեր երկիրին եւ անոր ընկերութիւններուն բնական կազի պեղումի հարցով սպառնալիքներ ուղղեց: Թուրքիա շրջանին մէջ լարուածութիւն կը գրգռէ եւ միջազգային արժեչափերը ոտնահարելով՝ ոճրային ընթացք մը կ՛որդեգրէ», աւելցնելով, որ Անգարայի այդ քաղաքականութիւնը «անընդունելի է»։
Քրիսթոֆիաս նաեւ ըսաւ, որ Կիպրոսի մէջ պեղումներուն դադրեցումը հետապնդող սպառնալիքները արդէն իսկ անկայուն շրջանին մէջ յաւելեալ անկայունութեան եւ լարուածութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն՝ աւելցնելով. «Թուրքիա նոյն ատեն կը պնդէ, որ իր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ…»։