ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Յովսէփեան» վարժարանը իր աշակերտներուն եւ ծնողներուն դիմաց բացաւ իր դռները Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին։ Հաճելի իրարանցում մը կը տիրէր դպրոցի «Գալուստեան-Տունայեանց» սրահէն ներս, ուր փոքր աշակերտներուն ծնողները իրենց զաւակներուն ձեռքերէն բռնած կ՛ուղղուէին դէպի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ծանօթանալու անոնց հետ եւ իրենց զաւակները յանձնելու անոնց հոգատարութեան։ Ամրան ընթացքին իրարմէ հեռու մնացած դասընկեր-դասընկերուհիներ զիրար կ՛ողջագուրէին եւ կը սկսէին տեղեկութիւններ փոխանակելու իրենց ամրան արձակուրդին մասին։ Վերամուտը դպրոցի ամենահաճելի պահերէն մէկն է, ուր ամրան երկու ամսուան հանգիստ դադարէն ետք, աշակերտները պատրաստ են վերադառնալու դպրոց եւ սկսելու ուսումնական նոր տարեշրջան մը, զայն լաւապէս աւարտելու եւ նորանոր գիտելիքներ ամբարելու պատրաստակամութեամբ։
Դպրոցիս տնօրէն Շահէ Մանկրեան, իր բացման խօսքը փոխանցելով՝ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն եւ ծնողներուն, նոր թէ հին, եւ խնդրեց ծնողներէն եւ աշակերտներէն, որ նոր աշակերտ-աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ բարեկամանան, որպէսզի անոնք ընտելանան մեր դպրոցին ու դառնան անդամը մեր «Յովսէփեան»ի մեծ ընտանիքին։ Տնօրէնը նաեւ ներկայացուց դպրոցիս հոգաբարձութեան նոր ատենապետուհին՝ Շաքէ Յարութիւնեանը, նշելով, որ ան արդէն տարիէ մը ի վեր ստանձնած էր դպրոցիս ուսումնական յանձնախումբին քարտուղարութեան պաշտօնը, եւ որ ուսումնական մարզի մէջ իր ունեցած վաստակաշատ փորձառութեան պատճառով, արդէն իսկ բարեկարգումներ գործադրած է վարժարանէս ներս, եւ վստահեցուց, որ հոգաբարձութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ վարժարանիս յարատեւ բարգաւաճման եւ բարելաւման համար։
Ապա աշակերտներն ու ծնողները ուղղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր հայր Սարգիս Փեթոյեանը խրախուսեց աշակերտները ըլլալու միշտ պատրաստ ու արթուն, նորանոր գիտելիքներ ընկալելու եւ յառաջդիմելու իրենց դասընթացքներուն մէջ։ Խմբային աղօթքէն եւ հայր Սարգիսի «Պահպանի»չէն ետք իւրաքանչիւր կարգ, իր ուսուցչուհիին ուղեկցութեամբ ուղղուեցաւ դասարան։
2011-2012 ուսումնական տարեշրջանին ընթացքին մեր աշակերտներուն բարի վերամուտ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)