
ԿԱԼԿԱԹԱ.- 8 Սեպտեմբերին, մեծանուն բարերար Խաչիկ Պօղոս Աստուածատուրեանի (Փօլ Չաթերի) ծննդեան 165ամեակին առիթով, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յոհաննիսեան եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ վարչութիւնը այցելեցին Հոնկ Քոնկ, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Խաչիկ Աստուածատուրեան ծնած է 8 Սեպտեմբեր 1846ին, Կալկաթա (Հնդկաստան): 18 տարեկանին հաստատուած է Հոնկ Քոնկ: 1876-1926 ղեկավարած է Հոնկ Քոնկի հաշտարար դատարանը, աւելի քան 40 տարի եղած է Հոնկ Քոնկի զօրավար-նահանգապետի խորհրդականը, ինչպէս նաեւ գործադիր եւ օրէնսդիր խորհուրդներու անդամ:
1902ին, Մեծն Բրիտանիոյ թագաւոր Էտուըրտ 7րդէն ստացած է ասպետի կոչում:
Ան եղած է հնդկահայ համայնքի մեծ բարերար, նիւթական օգնութիւն տրամադրած է Հնդկաստանի հայ եկեղեցիներուն, կառուցած է Կալկաթայի հայկական ծերանոցը եւ Ցեղասպանութենէն ազատած հայերուն օգնելու նպատակով Բրիտանիոյ մէջ հիմնած է «Հայ գաղթականներու բարեգործական հիմնադրամ»ը:
Խաչիկ Պօղոս Աստուածատուրեան մահացած է 1926ին:
Հոնկ Քոնկի մէջ ներկայիս իր անունով կան բազմաթիւ կառոյցներ՝ «մեթրօ»ի կայարան, «Չաթերի այգի», «Չաթերի պողոտայ», «Խաչիկի փողոց»: