Պելոռուսի Պրեստ քաղաքին մէջ աւարտած է «Պիէլայայ Վիէժա-2011» թատերական փառատօնը, ուր ներկայացուեցաւ նաեւ հայկական «Ձեզ եմ դիմում, տիկնայք եւ պարոնայք» ներկայացումը:
Բեմադրիչ Ռոպերթ Յակոբեանի աշխատանքը ստացած է «Քաղաքացիական թեմային նուիրուածութեան համար» մրցանակը:
Փառատօնին ներկայացուած էին թատերախումբեր Պելոռուսէն, Ուքրանիայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն եւ Իրանէն: