
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ ամերիկահայ քանի մը վեթերան զինուորներ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ի երեկոյեան, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ:
Մեծարեալներու շարքին են Բալենի Մինասը եւ Ատրինէ Շահիճանեան-Կիւլումեանը, Իրաքի պատերազմին ընթացքին իրենց անձնունէր ու պատուաւոր ծառայութեանց համար:
Ամէն տարի, Վեթերաններու տօնին, ամերիկացիները իրենց յարգանքի տուրքը կու տան զինուորական ուժերուն մէջ ծառայած բոլոր վեթերաններուն: Այս տարի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սեպտեմբեր 11ի յարձակումներուն տասնամեակն էր, լաւ առիթ էր յիշտակաելու Աֆղանիստանի, Իրաքի ու այլ ճակատներու վրայ այս զինուորներուն զոհողութիւնները», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Էնտրու Քիզիրեան:
2001ին, Ատրինէ Շահիճանեան-Կիւլումեան հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ

ռազմական օդանաւերու միայն 34րդ կին «Քիոուա» օդաչուն: Բանակը միայն 1990ականներու սկիզբը արտօնութիւն տուած էր կանանց, որ այս կոչումը ստանան:
Օդաչուներու այս կոչումը կը տրուի միայն անոնց, որոնք ռազմական ուղղաթիռներ կը վարեն ցած մակարդակի վրայ, յատկապէս չէզոքացնելու համար թշնամիին հրասայլերը: Ատրինէ, իր ամուսնոյն՝ Արայի հետ, Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած է եւ ունի երկու զաւակներ՝ Գարէն ու Լուսին:
Բալենի Մինաս ամերիկեան զինուորական ուժերու «Մարինզ» բաժանմունքին անդամակցած է Փետրուար 2000ին եւ երկու առիթներով ծառայած է Իրաքի մէջ՝ Մարտ ամիսէն Յուլիս, 2004ին, ու Փետրուարէն Հոկտեմբեր, 2005ին: Ան եղած է ռազմական ուղղաթիռներու օժանդակ խմբակներու անդամ ու գործիքներու պատասխանատու, եւ պահեստի ուժերուն մէջ իր ծառայութիւնը աւարտած է 2007ին: Իր սպասարկութեան ընթացքին, Բալենի Մինաս ստացած է շարք մը շքանշաններ: Ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ստացած է քաղաքական գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականը, իսկ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն՝ մագիստրոսի տիտղոսը՝ հանրային վարչութեան ճիւղին մէջ: 2008էն ի վեր, ան կ՛աշխատի «Ռէյթիան» ընկերութեան մէջ, իբրեւ «Էֆ. 15» ու «Էֆ. 18» ռազմական օդանաւերու ռատարներու համակարգերու արտադրութեան պատասխանատու:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը, ուր անգամ մը եւս պիտի ներկայացուի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնն ու իրագործումը, նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ պատուելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում բերած են Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Տոմսերուն սակը 200 տոլար է, իսկ ուսանողներու յատուկ զեղջեր տրամադրելի են: