ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Աշխատանքային այցով Սեպտեմբեր 22ին ԱՄՆ ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին, պարգեւատրուեցաւ «Էլլիս կղզի» պատուոյ շքանշանով: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահը այդ շքանշանին արժանացած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ իր ունեցած ներդրումին, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանման նուիրումին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ներգաղթողներու արդիւնաւէտ ներգրաւման ուղղութեամբ իր գործունէութեան համար:
Սերժ Սարգսեան, սոյն պատուոյ շքանշանի շնորհման 25ամեայ պատմութեան ընթացքին, առաջին օտարերկրեայ ղեկավարն է, որ կ՛արժանանայ այդ պատիւին:
Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Էլլիս կղզիին վրայ գտնուող Ներգաղթի թանգարանին մէջ, ուր Հայաստանի նախագահը դիտած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Էլլիս կղզիի ճամբով Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսը:
Նշենք, որ երէկ, նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ պիտի ունենար ՄԱԿի գլխաւոր համաժողովին ընթացքին: