ՄԱԿ.- Ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 66րդ նստաշրջանին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին՝ յայտարարած է, որ եթէ կողմերէն մէկը ապօրինաբար ուժ կիրարկէ, ապա Ռուսիա պատրաստ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար իր կարելին ընելու։
«Խնդիրի խաղաղ կարգաւորման համար մենք կը շարունակենք առաջադրել լրացուցիչ կարելիութիւններ, որոնք ի յայտ եկած են Ռուսիոյ ջանքերուն եւ միջնորդութեան իբրեւ արդիւնք։ Մենք ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս գործընկերներ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին պիտի շարունակենք յառաջ շարժել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը», ըսած է ան։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ պնդած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացը պէտք է սկսի «ատրպեճանական բռնագրաւուած տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռացումով»։