ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մալաթիոյ Արաբկիր շրջանի հայոց գերեզմանատունը, որ խիստ անխնամ դաշտի մը վերածուած էր երկար ժամանակէ ի վեր, արդէն իսկ վերանորոգուած է ու անոր վերաբացումը պիտի կատարուի Կիրակի, Հոկտեմբեր 9ին։
Հայկական գերեզմանատունը կը գտնուի Արաբկիրի Չոպանլը թաղին մէջ։ Գերեզմանատան շուրջբոլորը հաստ պատեր հիւսուած են եւ գերեզմանատունէն ներս խորան մը կառուցուած է, իսկ «ՀայՃար» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ աղբիւր մը շինուած է գերեզմանատան մէջ։
Գերեզմանատան բացման արարողութեան ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէ նշանակուած հոգեւորական մը Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ եւ ընդհանուր Հոգեհանգիստ պիտի կատարէ գերեզմանատան մէջ։
Գերեզմանատան վերանորոգութեան մօտէն հետեւած են Ժընեւ Անաթօլ, Մարգրիտ Աթմաճա, Օննիկ Նալպանտղազար, Խոսրով Քիւրքչիւ եւ Պօղոս Հեճինօղլու, որոնք բոլոր արաբկիրցիները կը հրաւիրեն մասնակցելու այս վերաբացման՝ ընդգծելով, որ անոնց մասնակցութեամբ պիտի ոգեկոչուին բազմաթիւ արաբկիրցիներ։
Գերեզմանատան վերաբացման ներկայ պիտի գտնուին Արաբկիրի քաղաքապետ Հալուք Ճէօմերթօղլու, կուսակալ Էրճան Թուրան եւ Արաբկիրի մշակութային միութեան նախագահ Թուրկայ Ագշահին։