
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունած է ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, ԿԿի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան, Հայկական երեսփոխանական խումբի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ պետական նախարար Փանոս Մանճեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու հեռանկարները: