
– Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ամերիկեան հակահրթիռային վահանի կազմածներուն նպատակն է Իսրայէլը պաշտպանել։ «Թուրքերը չեն ուզեր, որ սիոնական վարչակարգին կողմէ յարձակումի մը պարագային՝ մենք Իսրայէլը ռմբակոծենք», ըսած է Իրանի նախագահը։
– Ռուսական լրատուամիջոցներ մանրամասնութիւններ հաղորդած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ արտաքին նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի միջեւ մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիս առաջ տեղի ունեցած հանդիպման մասին, ուր կը նշուի, թէ Ասատ Տաւութօղլուն անուանած է «արեւմտեան երկիրներու սուրհանդակ»։ Նոյն աղբիւրները դիտել կու տան, որ Տաւութօղլու զգուշացուցած է, թէ Լիպիոյ իրադարձութիւնները կրնան կրկնուիլ Սուրիոյ մէջ, որուն պատասխանելով՝ Ասատ շեշտած է, թէ Սուրիա եւ Իրան միասնաբար պիտի հակադարձեն նման յարձակումի մը՝ թիրախ դարձնելով Իսրայէլն ու Ամերիկան։
– Խորհրդարանի նոր նստաշրջանի բացումէն ետք, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խմբակի առաջին ժողովը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 4ին, որուն ընթացքին կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելի քննադատած է կառավարութիւնը, «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի»ն մէջ ձախողելուն համար։ Պահչելի նաեւ ըսած է, որ թրքական բանակը հիւսիսային Իրաքի Գանտիլ լերան վրայ պէտք է պարզէ թրքական դրօշակը: