
ՕՔԼԸՆՏ, «Սան Հոզէ Մըրքըրի Նիուզ».- Անցեալ ամիս, Օքլընտի ատեան մը մէկ տարուան հսկողութեան դատապարտած է քաղաքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ աւելի քան տասը տարիներու գանձապահը՝ Կերի Ալեքսանեանը, որ նաեւ պիտի վճարէ եկեղեցիէն գողցած 400,000 տոլար գումարը: Եկեղեցին նամակ մը յղած է դատարանին՝ անբաւարար համարելով այս պատիժը, պնդելով, թէ նոյն եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած Ալեքսանեանը պէտք է պատիժին առնուազն մէկ մասը բանտի մէջ անցնէր: