ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Քաղաքականութեան որձեւէգ նկարագիրին մասին բաւարար բան գրուած է, սակայն երբեմն այնպիսի յայտարարութիւններ կը կատարուին, որ կը հաստատեն, թէ անդիմագիծ ու աներես քաղաքական «դէմքեր» տակաւին կարողութիւնը ունին զարմացնելու:
Արդարեւ, թրքական պատմական ընկերութեան կից գործող «Հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկ»ի տնօրէն Քեմալ Չիչեք հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւէն քաղուած փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ, թէ 1920ական թուականներուն ֆրանսացի զինուորներ հայերու դէմ բռնարարքներ գործած են։
Չիչեք անցեալ շաբաթ եւս այս սիւնակին «աստղ»երէն մէկը դարձցած էր, երբ անդրադարձած էինք Ցեղասպանութեան ուրացման համար օգտագործուող թրքական «Review Of Armenian Studies» թերթին մէջ անոր հեղինակած մէկ յօդուածին:
Այս անգամ, Չիչեք կը գրէ, թէ Կիլիկիոյ հայերը 1920ին բողոքագիր մը ղրկած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի։ Նամակը Հայաստանի անկախութեան ազգային կոմիտէի նախագահ Արշակ Մահտեսեանին ուղարկած է իզմիրցի Մուշեղ քհնյ. Սերոբեանը, որ բողոքած է Ատանայի մէջ Ֆրանսայի կիրարկած հակահայ քաղաքականութեան դէմ։
Նամակին մէջ, զոր Մահտեսեան կցած է իր զեկուցումին եւ ուղարկած նախագահ Ուոտրօ Ուիլսընի, կը նշուի, թէ «թուրքերու կողմէ Սեւրի դաշնագիրի ստորագրումէն ետք, ֆրանսական բանակը սկսած է հայերու դէմ բռնութիւններ կատարելու։ Պայմաններ կը ստեղծուին Հայ ազգային կոմիտէի գործունէութիւնը խոչընդոտելու համար։ Ատանայի մէջ թուրք բնակչութեան աճը ապահովելու նպատակով, աքսորուած է հարիւր հազար հայ։ Իսկ հայկական ճամբարներուն մէջ 14 հազար հայերու դէմ ճնշումներ կը գործադրուին՝ ստիպելով անոնց նոյնպէս հեռանալ։ Իսկ երբ հայերը կը մերժեն, ֆրանսացի զինուորները անոնց զէնքով կը սպառնան։ Սակայն Հայ ազգային կոմիտէի միջամտութեամբ կանխարգիլուեցաւ ֆրանսացիներու կողմէ հայերու կոտորածները»։
Մեկնաբանելով այս զեկուցումը՝ Չիչեք, իր կարգին գրած է. «Զեկուցումին մէջ կը յիշուի այն փաստը, որ հայերը, ֆրանսացիներու հետ միասին, պայքարած են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի զինուորներուն դէմ։ Կը նշուի, որ ֆրանսացիները Կիլիկիա եկած էին հայկական թագաւորութիւն հիմնելու համար։ Սակայն կարճ ժամանակ ետք, ֆրանսացի զինուորները զէնքը ուղղած են հայերու դէմ, որոնք պարտադրուած են հեռանալու»։
«Այս երկու էջնոց փաստաթուղթը վառ ապացոյցն է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս հայերը ժամանակին բողոքած են ֆրանսացիներու դէմ։ Ֆրանսան պատմութեան ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր շահերուն համար օգտագործած է հայերը։ Իսկ այսօրուան վիճակը անցեալէն ոչինչով կը տարբերի», աւելցուցած է ան՝ ակնարկելով Ցեղասպանութեան մասին Սարքոզիի կատարած անցեալ շաբթուան յայտարարութեան:
Նման «բացայայտումներ» շատ աւելի արժէքաւոր պիտի ըլլային, եթէ անոնք իսկապէս մարդասիրական նպատակներ հետապնդէին ու քաղաքական շահերէ մղուած չըլլային:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան բուռն կերպով քննադատած է Սարքոզին, պնդելով, որ ան հայութեան քուէն ապահովելու համար կատարած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչը, եւ ապա խօսքը Սարքոզիին ուղղելով՝ աւելցուցած է. «Դուք այդպիսի խրատ մը դուք ձեզի պէտք է տաք: Այսքան դէմքերով քաղաքական ղեկավար մը չի կրնար ըլլալ»։
«Քաղաքականութիւնը անկեղծութիւն կը պահանջէ», ըսած է Էրտողան, որուն գետնառիւծեան յատկութիւնը ամբողջ աշխարհին ծանօթ է:
Ֆրանսական մամուլը, իր կարգին կը տեղեկացնէ, որ Սարքոզի մտահոգ չէ թրքական հակազդեցութեամբ, որովհետեւ համոզուած է, որ նախքան իր խնդրոյ առարկայ կոչն իսկ, թուրքերը կ՛ատէին զինք: