ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Աւելի քան երկու տարի բացառապէս խորհրդարանական ընդդիմադրութեան դիրքերէ գործելէ ետք՝ Նոր Տարուան հետ Դաշնակցութիւնը նաե՛ւ ժողովրդային պայքարի դրօշ պարզած է մեր երկրին ու ժողովուրդը աղէտի մատնած այս իշխանութեանց դէմ:
Հոկտեմբեր 1991ի նախագահական ընտրապայքարէն յետոյ պաշտօնապէս որդեգրուած խորհրդարանական ընդդիմադրութեան այդ շրջանին եղաւ պահ մը, 1992ի գարնան, երբ ի տես Շահումեանի կորուստին եւ Արցախը միջազգային դիւանագիտական փաստաթուղթերու մէջ Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու այս իշխանութեանց ձեռնթափութեան, բայց մանաւա՛նդ ի տես Ազգային Բանակի կազմութեան այնքան կենսական եւ արդէն յապաղած քայլի նկատմամբ այս վարչախաւի դրսեւորած «խաղաղասիրական» խարխափումներուն՝ մենք ընդառաջեցինք մեր ժողովուրդի ձայնին եւ մեր կազմակերպական ուժը միացուցինք հայրենիքի ու ազգի պաշտպանութեան համար ժողովուրդը ոտքի հանած Ազգային Դաշինքին: Կարճատեւ այդ պահը մեծ մասամբ ծառայեց իր նպատակին, իշխանութիւնները տեղի տուին թէ՛ Արցախի պաշտպանութեան եւ թէ Ազգային Բանակի կազմութեան համազգային պահանջներուն առջեւ եւ, առ այդ, ՀՅԴ վերադարձաւ խորհրդարանական ընդդիմադրութեան:
Իր անկախութիւնը այնքան դժուարութեամբ վերականգնող մեր երկրին քաղաքացիական ամէն ձեւի անկայունութիւն խնայելու հիմնական առաջադրանքով որդեգրուած էր սկզբունքային մեր այդ դիրքորոշումը: Մեր աչքին առջեւ Վրաստան ու Ատրպէյճան ահաւոր գին կը վճարէին իշխանութեան համար մղուող ներքին մրցակցութիւններու եւ հակամարտութեանց: Յատկապէս Դաշնակցութիւնը գերագոյն կոչումը ունէր – յաճախ կուսակցական իր արժանապատուութեան հասցուած վիրաւորանքները անտեսելու գնով -աչքի լոյսի պէս գուրգուրալու Հայաստանին ու հայութեան ընձեռուած անկախ պետականութեան պատմական այս երկրորդ առիթին վրայ, որպէսզի ներքին սխալներով որեւէ պատճառ կամ պատրուակ չտար ձեռքին անոնց, որոնք արդէն լծուած էին այնքան թանկագին անկախութիւնը մեր ժողովուրդէն խլելու ճնշումներու եւ սադրանքներու…
Բայց հակառակ սկզբունքային մեր այս անշեղ վարքագծին, որ փաստօրէն ընդհանրական դիրքորոշումն էր նաեւ հայրենի քաղաքական բեմի վրայ գործող ընդդիմադիր գրեթէ բոլոր նկատառելի ուժերուն, այսօր փաստօրէն վտանգուած են այնպիսի կռուաններ, որոնք քաղաքացիական որեւէ անկայունութենէ աւելի ծանր հարուած կը հասցնեն Հայրենիքին: Վտանգուած են Հայ Ազգի Պետականութեան գլխաւոր կռուանները: Ազատ, Անկախ եւ իբր թէ Հպարտ Հայաստան կերտելու կարգախօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը փաստօրէն կը վերածուի – կարեւոր չափով վերածուած է արդէն – սնանկացած երկիրներու օրինակով իշխանաւոր վարչխմբի մը սեփական ագարակին, ուր ե՛ւ օրէնք, ե՛ւ պետական վարչամեքենայ, ե՛ւ ազգային հարստութիւններ վերապահուած են միայն իշխանութեան տէրերուն:
Վտանգաւոր այդ զառիթափին դատապարտուեցաւ Հայրենիքը այն օրէն, երբ իբր թէ «պետական մտածողութեան» ու «իրատեսութեան» անունով՝ այս իշխանութեան բարձրագոյն բեմէն պաշտօնապէս բանադրուեցաւ Ամբողջական Հայաստանի ու Ամբողջական Հայութեան հանգանակը, իբրեւ եղածն իսկ կորսցնելու «արկածախնդրութիւն» եւ «ռոմանթիզմ»: Եւ որովհետեւ Հայաստանի Անկախութեան պատմական այս նորագոյն պատեհութեան վրայ ազգովին դողացողն էինք, իշխանաւոր այս վարչախաւի պատեհապաշտութիւնն ու ամբոխավարութիւնը ոչ մէկ սահման ճանչցան եւ ոչ մէկ հակակշռի ենթարկուեցան: Այս իշխանութիւնը արհամարհեց ե՛ւ հանրային կարծիք, ե՛ւ խորհրդարան, մինչեւ որ խորհրդային ժամանակաշրջանէն վերապրած այլազան լծակներու հետ – պետանվտանգութեան ոլորտէն ներս գործող մաֆիան թէ պետական դիրքերէ իշխանութեան ապօրինի կրպակներ ստեղծած խմբաւորումներ – սերտաճելով՝ իշխանաւոր այս խաւը ինքզինք ամրապնդուած զգաց այն աստիճան, որ զինք պետական պատասխանատուութեան հասցուցած ժողովուրդի արդար բողոքը հեգնելու չափ ամբարտաւան դարձաւ – ձու չկայ, հաց կերէք ըսելով -, ի հարկին բիրտ ուժի դիմելու սպառնալիք ալ կատարելով իր այս կամ այն բանբերին միջոցաւ:
Հայրենիքի ու Ազգի մարմնին վրայ մակաբոյծի վերածուած այս իշխանութեան դէմ է, ահա՛, որ հայրենի հայութիւնը արդարօրէն կը պոռթկայ եւ Դաշնակցութիւնը կը վերցնէ ժողովրդական պայքարի դրօշը: Մենք դէմ էինք ու պիտի շարունակենք դէմ կենալ Հայրենիքի եւ Ազգի խնդիրները բիրտ ուժով լուծելու ամէն փորձերու: Բայց ինչպէս հայրենի հայութիւնը, այնպէս ալ Դաշնակցութիւնը այլեւս չի կրնար համակերպիլ, որ ամբողջ սերունդներու երազած Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան վերականգնումի պատմական այս առիթը զոհ երթայ իշխանաւոր վարչախաւի մը կամայականութեանց: Առ այդ՝ վճռած ենք դիմել ե՛ւ ժողովրդային պայքարի օրինական ու ժողովրդավարական ամէն միջոցի, մինչեւ որ այս իշխանութիւնը ի վերջոյ անսայ ժողովուրդի ձայնին:
Վե՜րջ իրաւական ամէն իշխանութիւն եւ օրէնք վարչախաւի մը ներկայացուցիչի անձնական քմայքին ենթարկելու բռնատիրութեան:
Վե՜րջ հայրենի պետականութեան ամրակայման համազգային ճիգերը իշխանաւոր վարչախաւի մը շահատակութեանց ծառայեցնելու «կու-րս»ին:
Վե՜րջ Ազատ Շուկայի եւ Սեփականաշնորհման պատրուակով ազգային-պետական հարստութեանց թալանին օրինական հովանի ապահովելու սադրանքին:
Վե՜րջ ընկերատնտեսական անապահովութեան այն «կուրս»ին, որ փաստօրէն պատճառ կը դառնայ Հայրենիքը իր որակաւոր մարդուժէն եւ ընդհանարապէս մեր ժողովուրդէն պարպելու վտանգին:
Եւ պայքար՝ յանուն Ազգային փրկութեան ծրագրով Ամենայն Հայոց կառավարութեան կազմութեան:
1994