ԹԻՖԼԻՍ.– Թիֆլիսիի մէջ Հոկտեմբեր 8ին տեղի ունեցած է Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնի սրահներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, Վրաստանի նախագահի խAորհրդական Վան Պայպուրթ, «Հայարտուն» կեդրոնի կառուցման հովանաւոր, գործարար Պորիս Սահակով, «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամ»ի Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատու Արմէն Յակոբեան, ՀԲԸՄ «Վիրթուալ» համալսարանի ներկայացուցիչ Դալար Գազանճեան, Վրաստանի մէջ գործող արուեստի, գրականութեան եւ թատերական գործիչներ, Թիֆլիսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Արարողութեան շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան:
Նոյն օրը, Թիֆլիսի երաժշտանոցի փոքր դահլիճին մէջ, կայացած է համերգ՝ նուիրուած հայ մեծանուն երգահան Առնօ Բաբաջանեանի 90ամեայ յոբելեանին: Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները կատարած են Հայաստանէն մեկնած երիտասարդ կատարողներ: Համերգի կազմակերպական աջակցած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը: