ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պետական ճարտարագիտական եւ Հայաստանի պետական ճարտարապետութեան ու շինարարութեան համալսարաններուն կից պուրակին մէջ, Հոկտեմբեր 17ին տեղադրուեցաւ Լէօնարտօ Տա Վինչիի քանդակը:
Քանդակը տեղադրուեցաւ՝ ի նշան իտալական «Ռոմուալտօ Տել Պիանքօ» հիմնադրամին հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ նախկին ճարտարագիտական ուսումնարանի հիմնադրման 90ամեակին առիթով:
Լէօնարտօ Տա Վինչիի կիսանդրիին հեղինակն է իտալացի քանդակագործ Տինօ Տէ Ռանիէրին, որ իտալացի անուանի քանդակագործներու տոհմէն է:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան, Հայաստանի մօտ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրունօ Սքափինի եւ «Ռոմուալտօ Տել Պիանքօ» հիմնադրամի նախագահ Փաուլօ Տել Պիանքօ կը նշէին, թէ ասիկա Հայաստանի հետ իրենց համագործակցութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն մէկն է: Աւելին, Փաուլօ Տել Պիանքոյի խօսքով, այս պահէն սկսեալ, հայ-իտալական գիտամշակութային համագործակցութիւնը պիտի ներառէ աւելի մեծ շրջանակներ:
Քանդակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ոչ միայն համալսարանի ուսանողներ եւ դասախօսական կազմը, այլ նաեւ Հայաստանի գիտութեան ու արուեստի անուանի դէմքեր, որոնք նոյն համալսարաններուն շրջանաւարտները եղած են: