ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին մէջ Հոկտեմբեր 17ին բացուեցաւ «Աղքատութիւնն անկախութեան 20 տարիներից յետոյ» թեմայով լուսանկարներու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Աղքատութեան վերացման միջազգային օրուան:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Օքսֆամ, ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի, ՄԱԿի Հանրային տեղեկատուութեան վարչութեան ու ՄԱԿի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ:
Ցուցադրուած լուսանկարներուն շարքը, պատկերելով աղքատութեան յաղթահարման ճանապարհին ներկայ մարտահրաւէրները՝ նաեւ կը ցուցադրէ գիւղական հեռաւոր մարզերու բնակիչները:
«Հոկտեմբեր 17ն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ իրազեկ ըլլալու աղքատութեան մէջ գտնուող մարդոց ջանքերուն եւ պայքարին, ինչպէս նաեւ բարձրաձայնել վերջիններուս խնդիրներու մասին եւ պահ մը գիտակցիլ, որ աղքատ մարդիկ առաջինն են, որոնք կը պայքարին աղքատութեան դէմ», բացման խօսքին մէջ ըսաւ ՄԱԿի մշտական համակարգող Տաֆինա Կերչեւա:
«Բոլոր մարդիկ աշխարհում իրաւունք ունեն բարեկեցիկ ապրելու. այն ապահովելու համար աշխարհում կան բաւարար ռեսուրսներ, աղքատութիւնը անհաւասարութեան հետեւանք է: Յաղթահարելով անհաւասարութիւնը՝ մենք կը կարողանանք յաղթահարել աղքատութիւնը», իր կարգին նշեց Օքսֆամի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Մարգարիտա Յակոբեան:
Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) կը կարծէ, որ ներկայ եւ ապագայ սերունդներու կայուն զարգացման համար իսկապէս անհրաժեշտ է պաշտպանել բնապահպանական համակարգերը՝ միեւնոյն ժամանակ նպաստելով տնտեսական եւ հասարակական յառաջընթացին: