ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ մինչեւ 2012ի կէսը կ՛ամբողջանայ երկրին նոր սահմանադրութիւն մը պատրաստելու աշխատանքը, որ պիտի կատարուի խորհրդարանի նախագահին ղեկավարութեամբ։
Ողջունելով քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան խորհրդարան վերադառնալու որոշումը՝ ան նաեւ ըսած է, թէ պատրաստ է անոր հետ եւս բանակցութիւններ հաստատելու նոր սահմանադրութեան կապակցութեամբ։
Վարչապետը յայտնած է, որ հասարակական կազմակերպութիւններու տեսակէտներն ու յանձնարարութիւնները նկատի պիտի առնուին սահմանադրութիւնը մշակող յանձնախումբին կողմէ։ Ան նաեւ կոչ ըրած է մամուլին, որ խուսափի «ահաբեկչական» արարքներու մասին շատ գրելէ, որովհետեւ այդ կերպով «ահաբեկիչներ»ուն քարոզութիւնը ըրած կ՛ըլլայ։