ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան հիւրն էր: Նախանձ (անշուշտ՝ բարի) շարժող շէնք, կեդրոնի շքեղ սրահ՝ խուռներամ ժողովուրդով, գողտրիկ մշակութային յայտագիր, ճոխ հիւրասիրութիւն:
Վեհափառը իր ընդհանրական պատգամը այս անգամ համեմեց իրանահայութեան (Իրանէն ներս թէ դուրս) ազգային դերակատարութեան դրուատանքով: Ունկնդիր հասարակութիւնը հաճոյքով ընդունեց վեհափառին գովասանքը, որ ինքնին պարտաւորեցնող էր եւ, վստահաբար, կեդրոնը, որ հայկականութեամբ կը շնչէր (վեհափառին բառը), մեր համայնքի մշակութային-հասարակական կեանքը ծաղկեցնելու յաւելեալ յանձնառութեան տակ կը դնէր:
Կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակի ու հեռանկարային ծրագրումի երանգներ միշտ ալ նկատառելի եղած են իրանահայ միութենական կեանքին մէջ: Ապացոյցները շատ են՝ Իրանի մէջ թէ այստեղ: ՀՄԸՄի «Արարատ»ի եւ Իրանահայ միութեան կեդրոնները բաւարար խօսուն են այս տեսակէտէն:
Այստեղ, մենք ունինք ուրիշ խնդիր՝ այս կեդրոնները համահամայնքային, համահայկական մեր կեանքին մէջ միաձուլելու խնդիրը, որ պէտք է լուծուի ներդաշնակ ու համակարգուած ճիգերով, բոլորիս գործակցութեամբ եւ միշտ զգուշաւոր, որպէսզի աշխատող միաւորները չտուժեն: Այսինքն, մեր բոլոր կեդրոնները, պէ՛տք է կարենանք համայնքի բոլոր զաւակներուն համար հարազատ վայրերու վերածել. անոնց բոլորին երդիքներուն տակ անոնք պէտք է գտնեն ջերմ ընդունելութիւն:
Դիւրին է այս մասին ճառել: Իսկական մարտահրաւէրը՝ համայնքը հայրենակցական, ծննդավարի պատկանելիութեամբ կամ քաղաքական հայեացքներով տարբերուողներու համերաշխ հաւաքականութեան մը վերածելն է, որուն հասնելու ճամբան փոխադարձ սէրն ու յարգանքն է:
Առանց ամօթխածութեան, ուրեմն, իբրեւ այդ ճամբէն քալող՝ կը յայտարարեմ իմ սէրն ու յարգանքը բոլորին հանդէպ, որոնց շարքին նաեւ՝ իրանահայութեան: