«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը Նոյեմբերի վերջին շաբաթավերջին ճոխ ծրագիր մը պատրաստած է ազգային քաղաքականութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:
Ծրագիրը կը սկսի Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին, ընկերային ձեռնարկով մը՝ «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքոյթով, որուն ընթացքին ծրագիրի մասնակիցները, որոնք պիտի ժամանեն մօտ ու հեռու շրջաններէ, առիթ պիտի ունենան իրարու ծանօթանալու:
Հինգշաբթի օր, Գոհաբանութեան օրն է, որ նաեւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի տարեկան հանգանակային ձեռնարկի օրն է, զոր խաչաձեւել կարելի չէ:
Ուրբաթ, 25 Նոյեմբերի կէսօրը յատկացուած է արձանագրութեան, «Եունիվըրսըլ Սիթի Ուոք» շրջագայութեան, իսկ երեկոն՝ մասնակիցներուն ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան:
Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը յատկացուած են դասախօսութիւններու, զրոյցներու, քննարկումներու եւ աշխատանիստերու, որոնք պիտի ղեկավարուին իրենց ոլորտներուն մէջ մասնագէտ անձնաւորութիւններու կողմէ: Մամուլին մէջ լոյս տեսած իրերայաջորդ հաղորդագրութիւնները կը ծանուցեն դասախօսներուն ու զրուցավարներուն անունները, որոնց շարքին են՝ Արա Պապեան, Մարիա Արմուտեան, Սերժ Թանգեան, Սիւզան Խարտալեան, Ռոստոմ Սարգիսեան, Արտաշէս Քասախեան, Մաթ Սենեքերիմեան, Խաչիկ Մուրատեան, Էլըն եւ Թոնի Էտըմ: Այս տպաւորիչ ցանկին այլ անուններ եւս կրնան աւելնալ:
Շաբաթ երեկոյեան պիտի կայանայ Հայ Դատի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին յատուկ պատիւի պիտի արժանանան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Վիք Դարջինեան եւ այլ արժանաւոր հայորդիներ:
Հաճելին ու օգտակարը՝ ձեռք ձեռքի: Կը հրաւիրենք մասնակցելու այս պատմական իրադարձութեան: