Կիրակի, Հոկտեմբեր 9ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատոյց ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: Արարողութեան հանդիսապետեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ իր քարոզին մէջ փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը:
Պատարագի աւարտին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ առաջնորդարանի բարերարներէն տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Աննա Օրունճագճիէլի խնդրանքով, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մարտիրոս Օրունճագճիէլ Ճարճատեանի եւ Հաննա Խտըշահի հոգիներուն համար, ապա սարկաւագներ եւ հոգեւորականներ թափօրով առաջնորդը առաջնորդեցին դէպի տաճարի հարաւային մուտքը, որ «Պետրոս եւ Աննա Օրունճագճիէլ մուտք» անունով ձօնուած է. սրբազան հայրը կատարեց մուտքի օրհնութեան եւ նուիրագործման արարողութիւնը, շնորհաւորեց բարերար ամոլը եւ իրենց ընտանեկան բոլոր պարագաները, քաջառողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց: