
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ «Յովսէփեան» վարժարանի խնամակալ մարմինին հրաւէրով, աւելի քան 50 հայորդիներ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ի երեկոյեան ընթրիք-հանդիպում ունեցան Շահէ եւ տոքթ. Լենա Ասատուրեաններու բնակարանին մէջ: Սոյն հանդիպման նպատակն էր առաջնորդին հովանաւորութեամբ իրականացնել առաջին հանգանակութիւնը կրթաթոշակի հիմնադրամին՝ «Guardian Angeles Financial Aid Fund»ին:
Երեկոյի հանդիսավարն էր վարժարանի խնամակալ մարմինի անդամ Ռաֆֆի Քենտիրճեան:
Խօսք առին խնամակալ մարմինի նախկին ատենապետ Յարութիւն Հիլալեան, ներկայ ատենապետուհի Շաքէ Յարութիւնեան, վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ նախկին հոգեւոր հովիւներէն Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան:
Ընկերային սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ 60,000 տոլարի խոստումներ եւ նուիրատուութիւններ կատարուեցան:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ գնահատեց վարժարանին խնամակալ մարմինին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրեալ ծառայութիւնները՝ կրթական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս, ապա իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց նուիրատուներուն եւ ներկայ գնտուող հիւրերուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Շահէ եւ տոքթ. Լենա Ասատուրեաններուն, ու ապա անդրադարձաւ «Յովսէփեան» վարժարանի կատարած կենսական դերին եւ առաքելութեան՝ շեշտելով, որ առաջնորդարանը միշտ թիկունք կը կանգնի վարժարանին: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ սկսած այս գեղեցիկ աւանդութիւնը կը շարունակուի եւ վարժարանը նիւթական դժուարութիւններէ զերծ կը մնայ. աւարտին ան իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Առաջնորդը գնահատանքի արժանացուց նաեւ երեկոյի հանդիսավար Ռաֆֆի Քենտիրճեանը, որ զանազան միջոցներով օգտակար կը հանդիսանայ թէ՛ առաջնորդարանին եւ թէ «Յովսէփեան» վարժարանին: