
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Քեթրին Էշթըն Նոյեմբերին տալիք իր տարածաշրջանային այցի ծիրէն ներս՝ պիտի այցելէ նաեւ Երեւան:
Հոկտեմբեր 26ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտնեց Երեւան գտնուող՝ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր տնօրինութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հարցերով տնօրէն Կունար Վիկանտ:
«Պարզապէս տեղեկացնենք, թէ Քեթրին Էշթըն նպատակ ունի այցելել տարածաշրջան, եւ Երեւան գալ Նոյեմբերի կէսերուն», ըսաւ Կունար Վիկանտ, աւելցնելով, որ տակաւին յայտնի չեն այցելութեան մանրամասնութիւնները: