ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիա Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, վերջապէս ընդունած է Վանի երկրաշարժէն տուժածներուն օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներուն օգնութիւնը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խնդրած է օգնել աղէտի գօտիի բնակչութեան՝ նշելով երեսուն երկիրներու անուններ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանց արտաքին օժանդակութեան յաղթահարելու աղէտին հետեւանքները։
Հակառակ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապին, Թուրքիա Իսրայէլէն եւս պաշտօնապէս խնդրած է օժանդակութիւն ուղարկել, եւ Իսրայէլ, ընդառաջելով թրքական խնդրանքին՝ Չորեքշաբթի օր արդէն իսկ շարժական բնակարաններ սկսած է ղրկելու Թուրքիա։
Թրքական «Անգարա» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ՝ կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Հայաստանէն եւս օգնութիւն խնդրած է։ Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայան յայտնեց, որ Հայաստան առայժմ Թուրքիայէն օգնութեան խնդրանք մը պաշտօնապէս չէ ստացած։
Նշենք, որ միջազգային մամուլը, մատնանշելով երկրաշարժի աղիտալի հետեւանքները եւ աղէտի գօտիին մէջ մարդասիրական օգնութեան խիստ պակասը՝ սուր քննադատութեան ենթարկած էր Թուրքիոյ իշխանութիւնները:
Իր կարգին, Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու, Երեքշաբթի օր կուսակցութեան խմբակի նիստին ընթացքին խօսած է Վան կատարած իր այցելութեան մասին եւ ըսած, թէ քաղաքական նպատակներով պիտի չօգտագործէ երկրաշարժէն ետք արձանագրուած կաղացումները: Ան պատմած է, որ Վանի մէջ մէկը գանգատած է իրեն՝ ըսելով. «Կ՛երեւի հոս Թուրքիա չէ, եթէ Թուրքիա ըլլար, աշխարհին օգնութիւնը կը ղրկուէր մեզի», բացատրելով, որ կարգ մը քաղաքացիներ կը կարծեն, թէ պետութիւնը «ծուռ աչքով կը նայի» արեւելեան նահանգներու քրտական ծագում ունեցող ժողովուրդին։ Ան վստահեցուցած է, թէ այդ տպաւորութիւնը սխալ է:
Վերջապէս, թրքական «ՀապերԹիւրք» կայանը հաղորդեց, որ Վանի երկրաշարժէն ետք աւերուած բնակարաններու եւ ենթակառոյցներու վերականգնումը առնուազն 2.2 միլիառ տոլար պիտի արժէ։ Պաշտօնական տուեալներով, զոհերուն թիւը կը հասնի 500ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1350ի։