
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Այն հիւանդութիւնը, որուն մասին, քիչ թէ շատ, արդիականացած աշխարհը յաճախ կը խօսի, գերճնշուածութիւնը կամ ընկճուածութիւնն է: Անիկա պէտք է լուրջի առնուի ենթակային ու իրեն հետ ապրողներուն կողմէ: Կարելի չէ առանց դարմանումի պահել նման երեւոյթ մը: Ախտանշանները երբ ի յայտ կու գան, արդէն ենթական որոշ չափով հասած կ՛ըլլայ այն հանգրուանին, որ դարմանումի կամ օգնութեան կարիքը կ՛ունենայ:
Գերճնշուածութիւնը շատ ակնյայտ անկարողութիւններ կը յայտնաբերէ իր հետ եւ մանաւանդ հիմնական հարցեր՝ զանազան բնագաւառներէ ներս: Խօսինք մասնաւորապէս կարգ մը երեւոյթներու եւ դժուարութիւններու մասին:
Իր ամէնէն պարզ վիճակնին մէջ գերճնշուածութիւնը եթէ ճիշդ դարմանումի չենթարկուի կրնայ ահաւոր հոգեկան ցաւերու եւ յուսահատ վիճակներու առաջնորդել:
Այս մէկը կարգ մը մարդոց համար նոյնիսկ ֆիզիքական ցաւերէն աւելի ահաւոր կրնայ թուիլ: Դժբախտ իրականութիւն է նաեւ, որ գերճնշուածութեան մաս կը համարուի նաեւ, այլոց կողմէ օգնութիւն ստանալու անկարելիութեան զգացումը, որ ենթական կ՛ապրի ամէն րոպէ ու կը տառապի անկէ:
Գերճնշուածութիւնը նաեւ իր հետ կը բերէ ազդեցիկ եւ իսկական գործունէութեան պակաս: Ենթական կը կորսնցնէ իր յստակ եւ պայառ մտածելու կարողութիւնը: Կեդրոնացումի լուրջ հարցեր կը սկսին եւ մոռացկոտ կը դառնայ իր սովորական ընթացքէն շատ աւելիով: Այս մէկը նկատելի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր աշխատանքին ու նաեւ մեր շրջապատին վրայ: Բաւարար հոգատարութեամբ աշխատելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ եւ նոյնիսկ տան մէջ կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը ընտանեկան յարաբերութիւններու եւ մինչեւ իսկ զինք սիրողներուն հետ: Երբեմն ամէնէն շատ սիրած երեխաներուն մօտ անգամ կրնայ յաճախ սիրուած չըլլալ, իր ունեցած հոգեկան վերիվայրումներուն պատճառով: Ուրեմն ոչ միայն սխալներ կրնայ թոյլ տալ իր անձին նկատմամբ, այլ զինք շրջապատողներուն նկատմամբ. նաեւ կրնայ բացթողումներ եւ սխալներ արձանագրել:
Աւելի յաճախ կը հիւանդանայ գերճնշուած անձը: Ան աւելի հակամէտ է ժահրերու եւ միքրոպներու ընկալման ու աւելի երկար հիւրընկալման, քան՝ սովորական, առողջ վիճակի մէջ գտնուող մարդիկ: Ուսումնասիրութիւնները կը յայտնեն թէ ան աւելի հակամէտ է քաղցկեղի հիւանդութեան ալ: Սրտանօթային հիւանդութիւններէ ու վիրաբուժութիւններէ ետք, աւելի ուշ կը դարմանուի այդ անձը եւ մանաւանդ, եթէ երկարտեւ հիւանդութիւններ յայտնուին անոր մօտ, աւելի շուտ եւ արագ վատթարացման ընթացքի մէջ կը մտնեն անոնք:
Չդարմանուած գերճնշուածութիւնը նաեւ մեզ շրջապատողներուն ու սիրողներուն վրայ կրնայ բացասական ազդեցութիւն ձգել: Այսպէս, մեր ապրած ժխտական զգացումները կը բարդենք անոնց վրայ եւ մեր մտահոգութիւնները ու անհանդարտ վիճակը իրենց ալ սեփականութիւնը կը դարձնենք: Ուրեմ գերճնշուածութիւնը ընդունիլ եւ չդարմանել կը նշանակէ ոչ միայն ձեր կեանքը խաթարել, այլ ձեզ շրջապատող ու ձեզի ամէնէն մօտիկ եւ սիրելի անձերու կենաքերը փճացնել:
Ամէնէն ծայրագոյն պարագային, եթէ գերճնշուածութիւնը չդարմանուի, անիկա կրնայ առաջնորդել ինքնասպանութեան: Անոնք որոնք ինքնասպանութիւն կատարած են բժշկականօրէն փաստուած է, թէ անոնց 90 տոկոսը գերճնշուած անձեր են, որոնք պէտք եղած դարմանումին ու ուշադրութեան չեն ենթարկուած: Որովհետեւ որեւէ չդարմանուած գերճնշուածութիւն մարդուն մտածել կու տայ թէ լուսաւոր ոչինչ կայ կեանքին մէջ, եւ մանաւանդ հոգեւոր այդ ցաւը կարելի չէ տանիլ եւ դիմանալ, ուրեմն հարկ է կեանքին վերջ տալ եւ ապրիլ առանց ցաւի: Երբեմն նոյնիսկ մարդիկ իրենք զիրենք կը համոզեն կամ կ՛ամոքեն ալքոլի օգտագործումով, որ ինքնին կարելի է առաւել թշուառ միջոց մը նկատել գերճնշուածութիւնը լուծելու համար:
Արդեօ՞ք կարելի է իսկապէս որոշել թէ գերճնշուածութիւն է թէ պարզ տխրութիւն: Որոշ երեւոյթներ կան որ կը փաստեն գերճնշուածութիւն ըլլալը, պէտք է ուշադիր հետեւիլ անոնց: Անշուշտ երբեմն այնքան մօտ կ՛ըլլան իրարու այս երկու երեւոյթները, որ միայն խորունկ սերտողութեամբ կարելի է հասկնալ: Գերճնշուածութիւնը յստակօրէն կը տարբերի տխրութենէն իր տեւողութեամբ եւ լրջութեամբ: Տխրութիւնը այնպիսի երեւոյթ է, որ կրնայ ինքնաբերաբար վերանալ կարճ ժամանակի ընթացքին, սակայն միւսը յատուկ ուշադրութեամբ պէտք է դարմանուի եւ ճիշդ ժամանակին:
Հոս պիտի ներկայացնենք 11 տարբեր երեւոյթներ գերճնշուածութեան մասին: Յիշեցնենք նաեւ, որ բոլոր գերճնշուածները նոյն ախտանշանները չեն ունենար, այլ կրնան տարբեր նշաններ ցոյց տալ: Սակայն եթէ անհատը այս ախտանշաններէն որեւէ մէկը կամ քանի մը հատը երկու շաբաթէն աւելի ունեցաւ, պէտք է մասնագիտական խորհուրդի դիմէ:
Գերճնշուածութեան երեւոյթներ.
– Յաճախակի տխրութիւն կամ մտահոգութիւն անիմաստ բաներու համար
– Երբ ենթական ինքզինք անօգնական, անիմաստ կը զգայ
– Յաճախակի լացի շարաններ
– Յառաջացած եւ զարգացած գրգռուած վիճակ եւ անհանգստութիւն
– Յարատեւ յօգնածութիւն եւ եռանդի պակաս
– Հետաքրքրութեան պակաս՝ նախասիրութիւններու կամ հաճելի բաներու հանդէպ
– Կեդրոնացումի դժուարութիւն, յիշողութեան հարցեր եւ որոշում կայացնելու դժուարութիւն
– Երկարատեւ ժամեր քնանալ կամ անքնութենէ տառապիլ
– Ախորժակի պակաս կամ շատակերութիւն
– Մահուան գաղափարներու արտայայտութիւն կամ ինքնասպանութեան մասին խօսակցութիւններ
– Յաճախակի ցաւեր, գլխացաւ, մկանային պրկումներ եւ մարսողութեան զանազան հարցեր, որոնք բուժումներով չեն վերաար: