ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ԼՂՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին Արցախի մէջ ծնած է 1995 երեխայ. թիւ մը, որ 2010ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 38ով։
Նոյն ժամանակահատուածին, հանրապետութեան մէջ մահացած է 988 անձ, ինչ որ 14ով պակաս է 2010ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
2011 Յունուար-Սեպտեմբերին, ԼՂՀ բնակչութեան բնական աճը կազմած է 1007 մարդ, նաեւ արձանագրուած է 549 ամուսնութիւն եւ 126 ամուսնալուծութիւն:
Նշեալ ժամանակահատուածին, ԼՂՀ ժամանածներուն թիւը եղած է 838, իսկ մեկնածներունը՝ 514: