ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28ին, ֆրանսական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Յունաստան եուրօ գործածկող երկիրներէն մէկը դարձնելու որոշումը սխալ մըն էր, որովհետեւ 2001ին Յունաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուած տնտեսական ցուցանիշները կասկածելի էին:
Սարքոզի յայտնած է, որ Հինգշաբթի օր Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին տուած՝ Յունաստանի օգնելու մասին որոշումը, պատմական նշանակութիւն ունի, այլպէս՝ կացութիւնը աղիտալի պիտի ըլլար ոչ միայն Եւրոպայի, այլ ամբողջ աշխարհին համար:
Եւրոմիութիւնը որոշեց Յունաստանի պարտքին 50 առ հարիւրը չեղեալ յայտարարել: