
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի նորակառոյց գրադարանի գիրքերու հաւաքածոն ճոխացնելու մտադրութեամբ, ծնողաուսուցչական մարմինը ձեռնարկած է գիրքերու նուիրատուութեան աշխատանքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 5ին: Այդ օրուան ընթացքին, Կլենտէյլի «Ամերիքանա» շուկային մէջ գտնուող «Barnes and Nobles» գրախանութէն վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն կողմէ եղած վաճառքին եկամուտէն 15 տոկոս պիտի նուիրուի վարժարանին, երբ անոնք գրախանութին պաշտօնեաներուն յանձնեն այս նպատակով վարժարանին պատրաստած յատուկ կտրոնները։
Ծնողաուսուցչական մարմինը պատրաստած է իւրաքանչիւր դասարանի յատուկ գիրքերու ցանկ մը, որմէ իւրաքանչիւր աշակերտ գիրք մը գնելով՝ պիտի նուիրէ գրադարանին։ Յատուկ կտրոններէն օրինակներ կրնաք տպել՝ այցելելով դպրոցին կայքը՝ www.hovsepianschool.org:
Այդ օրուան ընթացքին, մեր դպրոցի 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները գրադարանին մէջ հեքիաթասացութիւն պիտի կատարեն եւ պիտի ասմունքեն՝ հայ թէ օտար բանաստեղծներու գործերէն։ Պիտի կայանայ աշակերտական գծագրութիւններու ցուցահանդէս մըն եւս, իսկ Վարսեր Մարկարեանը պիտի ներկայացնէ «տիկնիկային թատրոն» մը։
Գրադարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10ին։ Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ հայերէն գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յաջորդող շաբաթ:
Նոյն օրը պիտի ներկայացուի «Թումանեանի Աշխարհից» ներկայացումներու շարք մը՝ «Հայ թատրոնի ընկերութիւն» թատերական խումբին կողմէ, բեմադրութեամբ Արամազդ Ստեփանեանի։ Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7:30ին։ Տոմսերը կրնաք ապահովել վարժարանիս գրասենեակէն՝ հեռաձայնելով (626) 578-1343 թիւին։ Սոյն ձեռնարկներէն ապահովուած հասոյթով գրադարանին համար հայերէն գիրքեր պիտի գնուին։