Լաս Վեկասի մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ականտես վկան եղաւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցաշինութեան ծիրին մէջ նորագոյն աշխատանքներուն, որ վկայութիւն է թեմի կենսունակութեան եւ հաստատ քայլերով տարածման։ Վեհափառը անձնական օդանաւով մը Լաս Վեկաս հասաւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ի յետմիջօրէին ու ծխական շրջանին հետ եղաւ մինչեւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ի առաւօտը։ Անոր կ՛ընկերանային առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, միաբան հայրեր եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներ։ Չորեքշաբթի երեկոյեան ու Հինգշաբթի առաւօտուն, շքախումբին միացան թեմի Ազգ. վարչութեան անդամներ։
Ժամանման պահուն, հայրապետական շքախումբը դիմաւորուեցաւ եւ հիւրընկալուեցաւ ծխական շրջանի հոգեւոր հովիւին, ծխական յանձնախումբին եւ հայրապետի Լաս Վեկաս այցելութեան գլխաւոր հիւրընկալ տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եէմենիճեան բարերար ամոլին կողմէ, որ երեկոյեան կազմակերպած էր մտերմիկ ընթրիք մը։ Արձանագրուեցան ողջոյնի արտայայտութիւններ։ Վեհափառը յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ հիւրընկալ ամոլին մասին ու դրուատեց Արտա Եէմէնիճեանի մօր՝ Վերժին Գուճագեանի եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնները։ Ան եղած է Լաս Վեկասի Կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադիրը։
Հինգշաբթի կէսօրին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը վեհափառն ու ընկերակիցները հիւրընկալեց ճաշով։ Ներկայ էին շրջանի ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին, հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։ Բոլորին ակնարկները ուղղուած էին յետմիջօրէի ժամերուն, երբ տեղի պիտի ունենար կառուցման ընթացքի մէջ եղող եկեղեցւոյ օրհնութիւնը։
Արդարեւ, ծխական համայնքին ծանօթանալու եւ անոր իր պատգամը ուղղելու կողքին, վեհափառին Լաս Վեկաս այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր կատարել քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը։
Առաջնորդին, միաբան հայրերու, ժողովականութեան ներկայացուցիչներու հետ, վեհափառը եկեղեցւոյ համալիրը ժամանեց յետմիջօրէի ժամը 4ին։ Սպասման մէջ էին համայնքի պատասխանատուները, ներկայացուցչական դէմքեր ու բազմաթիւ ազգայիններ, որոնց շարիքն՝ եկեղեցւոյ բարերար Լերի Պարնզ, Քլարք գաւառի պատասխանատուներէն Քրիս Կուինչիլիանի. ներկայացուցիչներ առաքած էին Նեւատայի նահանգապետ Պրայըն Սանտովանի, ծերակուտականներ Հերի Ռիտ, Տին Հելըր եւ խորհրդարանականներ Շելի Պըրքլի ու տոքթ. Ժօ Հէք. վերջինները ողջոյին գիրեր ներկայացուցին վեհափառին։
Վեհափառը կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւնը եւ «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի։ ՀՕՄի Շաբաթօրեայի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուցին հայրապետական շքախումբին ու շուրջ 300 ներկաներուն։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ վեհափառին, որ օծեց եկեղեցւոյ գմբէթի ու խորանի խաչերը, իսկ առաջնորդը կատարեց 16 սիւներուն օծումը. սիւները կը խորհրդանշեն Քրիստոսի 12 առաքեալները, 4 աւետարանիչները եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, իբրեւ հիմեր՝ մեր եկեղեցւոյ։ Հիմնաքարի զետեղման մասնակից եղան առաջնորդը, Լերի Պարնզ, Քրիս Կուինչիլիանի եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան։
Արարողութեան աւարտին, վեհափառը շնորհաւորեց Լաս Վեկասի գաղութը՝ այս կարեւոր իրագործումին համար, կարեւորեց հաւաքական հաւատքով, յոյսով ու սիրով գործելու ընթացքը եւ մաղթեց, որ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը իր լրումին հասնի յառաջիկայ տարի։ Վեհափառը վեր առաւ եկեղեցի կառուցելու նշանակութիւնը եւ շեշտեց, որ «մեր եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին, ժողովուրդն է մեր եկեղեցին։ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին եւս պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի եկեղեցին ու պիտի ծառայէ անխտիր բոլորին»։
Առաջնորդը երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառին, հովուապետական իր այս այցելութեան, ու մասնաւորաբար եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարելուն համար, եւ խոստացաւ, որ մեր նպատակները պիտի իրագործենք յանձնառու հաւատքով, տեսլապաշտ յոյսով եւ նախապայման չճանչցող սիրով։
Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Վեհափառը ապա այցելեց համալիրին բաժանմունքները, գնահատեց այս իրագործման համար հովիւին, ծխական յանձնախումբին, տիկնանց միութեան ու բոլոր գործակիցներուն նուիրումը։
Ինչպէս ծանօթ է, ծխական համայնքը մօտաւորապէս երկու տարի առաջ իրականացման ճամբու մէջ դրած էր սեփական եկեղեցի ունենալու երազը եւ բարերար Լերի Պարնզի իշխանական նուիրատուութեան շնորհիւ, ձեռք բերած էր այս կալուածը։ Այնուհետեւ, իրականացման ճամբու մէջ մտաւ շէնքի բարեփոխման աշխատանքը։ Առաջին հերթին, կառուցուեցաւ սրահը, որ առժամաբար կը գործածուի իբրեւ աղօթատեղի, սպասելով կողքի եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքներուն լրումին։ Հիմա, երբ նախնական բոլոր աշխատանքները կատարուած են, Ս. Կարապետ եկեղեցին կը ստանայ վեհափառին օրհնութիւնը։ Եկեղեցին ու կողքի սրահը պիտի դառնան աղօթքի ու մշակոյթի կեդրոն։
Նշենք, որ բարերար Լերի Պարնզ այս եկեղեցւոյ ծրագիրը որդեգրած էր ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի ու անոր նահատակ նախնիներուն, որոնք զոհ գացած են Ցեղասպանութեան։ Հետեւաբար, վեհափառին օրհնութիւնը ստացող եկեղեցին այլապէս յուշարձան մըն է մեր նահատակներուն։
Յիշեցնենք, որ իր այժմու հովուապետական այցելութեան նախընթաց մէկ հանգրուանին, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին, վեհափառը կատարեց «Շամլեան» վարժարանի մարզարանին հիմնաքարի օրհնութիւնը, իսկ հովուապետական 2005ի այցելութեան, ան կատարած էր առաջնորդարանի նոր շէնքին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ Փասատինայի Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը։
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Լաս Վեկասի ծխական համայնքը ի պատիւ վեհափառին կազմակերպած էր նաեւ մեծարանքի ճաշկերոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ նոյն օրը, երեկոյեան, քաղաքի «Թրոփիքանա» պանդոկին մէջ, հիւրընկալութեամբ Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեան բարերար ամոլին։ Վեհափառին ու շքախումբին կողքին, ներկայ էին ծխական համայնքի կազմակերպութիւններէն ու միութիւններէն ներկայացուցչական դէմքերը, ինչպէս նաեւ յատկապէս այս առիթով տարբեր քաղաքներէ ժանանած ազգայիններ, ընդամէնը շուրջ 350 հանդիսականներ։
Ալեքս Եմէիճեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը, հիւրերն ու ներկաները, այս այցելութիւնն ու տեղի ունեցած արարողութիւնը որակելով պատմական։ Ան յայտնեց, թէ օրհնուած կը զգայ իր պանդոկին մէջ, ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ առաջնորդին, իր հոգածու վերաբերմունքին համար։
Ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան արտասանեց ողջոյնի ու երախտագիտութեան խօսք, հակիրճ պատմականը ընելով եկեղեցաշինութեան ծրագիրին եւ տարուած աշխատանքներուն։ Գնահատանքի ու ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեան, որ յանուն Ազգ. վարչութեան, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառին ու անդրադարձաւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքի երթին։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կազմուած էր պարերով ու ասմունքով։
Գոհունակութեան խօսք արտասանեց նաեւ առաջնորդը, որ գնահատեց եկեղեցւոյ բարերարին նուիրումն ու յանուն վեհափառին՝ յուշանուէր մը յանձնեց անոր։ Առաջնորդը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծխական յանձնախումբին մասին, եւ ձեռաց խաչ մը նուիրեց եկեղեցւոյ համար։
Առաջնորդը ողջունեց ներկայութիւնը բոլոր ներկաներուն, մասնաւորաբար Լոս Անճելըսէն, Արիզոնայէն, Նիւ Ճըրզիէն ու Շիքակոյէն ժամանած ազգայիններուն. ան յիշեցուց, որ հովուապետական այս այցելութեան նշանաբանն է «Հաւատքով կը կերտենք», եւ համոզում յայտնեց, որ մեր աշխատանքի մարզերուն մէջ հաւատքը պիտի ըլլայ աղբիւրը մեր բոլոր իրագործումներուն. «Հաւատքով պիտի ապրինք հոգեկան վերանորոգում, հաւատքով պիտի ծաղկեցնենք մեր դպրոցները, հաւատքով պիտի շարունակենք մեր արդար իրաւուքներուն հետապնդումը», յայտարարեց առաջնորդը, եւ հրաւիրեց վեհափառը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։
Անգամ մը եւս ողջունելով Լաս Վեկասի հայութիւնը, ծխական շրջանի նուիրեալներն ու հիւրերը, վեհափառը հաստատեց, թէ համայնքի մը կերտումն ու աշխատունակութիւնը կախեալ են հաւաքական կեանքի կազմակերպումէն, որ երաշխիք է յաջող իրագործումներու։ Ան յորդորեց հաւատքով ու աննկուն կամքով ամրապնդել հաւաքական իրագործումներու ուղին եւ իր խօսքը եզրափակեց գնահատանք արձանագրելով հիւրընկալներուն, Ազգ. վարչութեան ու բարերարներուն։