ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Փարիզի հայկական մշակոյթի տան մէջ Նոյեմբեր 22ին պիտի կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով համաժողով մը, որուն ընթացքին, ըստ գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանի, դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Ամերիկայի «Ռոչեսթըր» համալսարանի Փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ, քաղաքագէտ Հենրի Տերիըն:
Համաժողովին պիտի մասնակցին ֆրանսացի եւ հայ հասարակական գործիչներ, որոնք պիտի քննարկեն 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուած հողային պահանջատիրութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը: