ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր թեմը իրաւամբ պատմական օրեր ապրեցաւ Հոկտեմբերի սկիզբը.

Հոկտեմբերը, որ աւանդաբար Հայ Մշակոյթի ամիս է, այս տարի մեզի համար եղաւ նաեւ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային եռուն եւ աշխոյժ կեանքի ամիս, շնորհիւ Ս. Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան եւ ոգեշունչ պատգամներուն։
Հոկտեմբեր 6էն 23 երկարող ժամանակաշրջանը յիշատակելի օրեր էին, որովհետեւ Նորին Ս. Օծութեան ներկայութիւնը սոսկական այցելութենէ մը շատ աւելին էր, ինչպէս եղած է միշտ։ Վեհափառ հայրապետը եկած էր տեսնելու, լսելու եւ պատգամելու նպատակով։ Եւ այդ բոլորը կատարուեցան նպատակաուղղուածութեամբ, հիմնուած՝ այն առաքելութեան վրայ, զոր նոյնինքն հայոց հայրապետը սահմանած էր ի սկզբանէ, մեր թեմը ժամանելէն առաջ իսկ, յստակ նպատակներ ճշդելով իր այս այցելութեան համար։
Հայոց հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը կենսաւորուեցաւ «Հաւատքով կը կերտենք» ընդհանուր նշանաբանով։ Արդարեւ, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս յստակ կերպով պատգամած է բոլորիս, թէ մեր բոլոր գործերը պէտք է առաջնորդուին հաւատքով, ինքնավստահութեամբ ու նուիրումով։ Իր առակներէն մէկուն մէջ, Ան կ՛ըսէ.- «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք։ Վստահ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ. «Ե՛լ եւ ծով ինկիր», եւ եթէ մտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի» (Մարկ. 11 22-23)։ Իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, մենք մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կերտած ենք հաւատքով, մեր եկեղեցին հաստատուած է քրիստոնէական հաւատքի ամուր վէմին վրայ, այդ աւանդը կը շարունակուի անշեղօրէն, եւ մենք՝ Արեւմտեան թեմի զաւակներս, կրողներն ենք այդ հաւատքին ու աւանդութեան։
Հիմա, երբ արդէն շուրջ 10 օրեր անցած են հովուապետական այցելութենէն, վեհափառ հայրապետին բազմախորհուրդ պատգամները մեր ականջներուն կը հնչեն եւ բոլորիս կը թելադրեն պատրաստակամութեամբ ընդառաջել Նորին Ս. Օծութեան յորդորներուն։
Այսօր, կրնանք յետադարձ ակնարկով մը վեր առնել այն գլխաւոր գիծերը, որոնք հանդիսացան Նորին Ս. Օծութեան հովուապետական այցելութեան աւանդներն ու մնայուն հետքերը՝ մեր թեմի հասարակական կեանքին մէջ, մեր անհատական կեանքերուն մէջ։ Ու այդ աւանդներուն հաւատարիմ պիտի մնանք այսօր, վաղն ու միշտ, վասն պայծառութեան մեր եկեղեցւոյ ու վերակենսաւորման մեր հաւաքական կեանքին, սկսելով մեր եկեղեցիներէն, անցնելով մեր կրթական հաստատութիւններէն՝ Հայ Դպրոցէն, ու տարածուելով մեր միութենական ու կազմակերպական միաւորներուն վրայ։
Եթէ փորձենք սեղմ կերպով յիշատակել վեհափառ հայրապետին պատգամներն ու հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակները, մեր աչքերուն դիմաց կը պարզուին հետեւեալ պատկերները.
Ա.- Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում.- Հովուապետական այցելութեան պատգամներէն բխող այս թելադրանքը կը կազմէ հիմը բոլոր կալուածներու մէջ վերակենսաւորման ու վերականգնումի հրամայականին։ Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում պատգամը ուղղուած չէ միայն մեր եկեղեցւոյ ծառայողներուն, այլ անիկա հասցէագրուած է հայ ժողովուրդի մէն մի զաւակին, ի՛նչ ասպարէզի ալ հետեւորդ ըլլայ ան, ո՛ւր որ ալ գտնուի այս երկինքին տակ։ Հոգեւոր կեանք ըսելով՝ պէտք չէ մենք զմեզ սահմանափակենք կրօնական դաստիարակութեան ու անկէ բխող դասերու շրջագիծին մէջ, ընդունելով հանդերձ, որ անոնք առաջնահերթութիւն կը վայելեն. այլ այս հասկացութիւնը պէտք է տարածուի մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերու բոլոր անդաստաններուն վրայ։ Բոլորս ալ ականատես ու իրազեկ ենք այսօրուան աշխարհի պայմաններուն մէջ բարոյական ու հոգեկան արժէքներու անկումին, նահանջին, արժեզրկման, նիւթական ու վաղանցուկ արժէքներուն տրուած նախապատուութիւններուն։ Հաւանաբար կ՛անդրադառնանք, որ նիւթականացումի ընթացքը պատճառ կ՛ըլլայ տնտեսական ու ընկերային վիճակներու անկումին, մարդկութիւնը ճնշող դառնութիւններու։ Հետեւաբար, հոգեւոր կեանքի վերանորոգում, վերակենասւորում՝ պէտք է ընկալել մանաւանդ այս դիտանկիւնէն, իրականութիւններ՝ որոնց բազմիցս անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետը իր բազմաբնոյթ պատգամներուն ընթացքին, դասախօսութեանց թէ ժողովրդային հանդիպումներու առիթով։
Բ.- Հայ Դպրոցի վերածաղկում.- Վեհափառ հայրապետի այցելութեան գլխաւոր նպատակներէն երկրորդը՝ Հայ Դպրոցին վերարժեւորումն ու զայն վերականգնելու, զայն նոր ծաղկումի առաջնորդելու յորդորն էր, հրամայական թելադրանքը։ Որքան ալ կրկնուի այն իրականութիւնը, թէ Հայ Դպրոցը պարիսպն ու միջնաբերդն է մեր հայկականութեան, այդ հաստատումը ժամանակավրէպ չի դառնար, մանաւանդ, որ տարուէ տարի, ամիսէ ամիս եւ օրէ օր, հայութեան ինքնութեան ստորոգելիներուն դէմ աննիւթական բայց հզօր յարձակումները հետզհետէ կը շեշտուին, կը վերածուին ահեղ փոթորիկներու։ Սա, ինքնին, բոլորիս կը թելադրէ ամրացնել մեր կրթական հաստատութեանց հիմքերը, որոնք կը կոչուին հայեցի դաստիարակութիւն, հայ դաստիարակ, հայ մշակոյթի ներարկման միջոցներ։ Մեր եկեղեցւոյ, մեր ընտանիքներուն ու նորահաս սերունդներու հայկականութեամբ նախանձախնդիր բոլոր միաւորներուն համար, հայ դպրոցը եղած է ու պիտի մնայ գուրգուրանքի առարկայ. պիտի պահպանենք Հայ Դպրոցին ֆիզիքական ու հոգեկան պատնէշները. անոր համար պիտի ապահովենք նիւթական ու բարոյական ամէն միջոց։ Եւ արդէն, հոգեկան ինչպիսի՛ խնդութիւն ապրեցանք, երբ վեհափառին բարերար ներկայութիւնը առիթ ծառայեց ազգային վարժարաններուն համար ապահովելու մեր ազնիւ բարերարներուն ու բարեկամներուն նուիրաբերումը, որուն անմիջական «ժառանգութիւնը» պիտի ըլլայ մեր վարժարաններուն նիւթական բեռներուն թեթեւացումը…
Գ.- Հայ Դատի ու ազգային պահանջատիրութեան հետապնդման աշխուժացում.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռի բոլոր հայրապետները, յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք, հանդիսացած են մեր արդար իրաւունքներուն յառաջապահ դրօշակիրները։ Այս աւանդն ու առաքելութիւնը վերջին աւելի քան 15 տարիներուն կը կենսագործուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ։ Անթիլիասը ոչ միայն պահանջատէր առաջնորդողի դեր կատարած է ու կը կատարէ, այլ նաեւ կը հանդիսանայ ուխտավայր-փարոս՝ մեր իրաւունքներուն մասին նոր սերունդներու դաստիարակութեան, ջահը ձեռքէ ձեռք փոխանցուելուն, ինչպէս որ կը կատարեն Ողիմպիական æահը երկրէ երկիր ու քաղաքէ քաղաք փոխադրող ախոյեան մարզիկները։ Մեր իրաւունքներուն համար տարուող պայքարը ինքնանպատակ չէ, այլ անիկա դրուած է ի սպաս մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ ամբողջ մարդկութեան, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայութեան հայրենի հողերու կորուստին հետեւանքով ստեղծուած դառնութիւնները, անարդարութիւնը ողջ մարդկութիւնը տագնապի մատնող, յուզող հարց է. այլ խօսքով՝ Անթիլիասի ու իր աչքերը անոր յարող հայութեան համար, մեր պայքարը չի սահմանափակուիր միայն ազգային շրջագիծի մէջ, այլ անիկա Դատն է ողջ մարդկութեան, որ բազմաթիւ ապացոյցներ տեսած է մեր ու նմանօրինակ դատերու անտեսման հետեւանքներուն մասին։
Վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը նաեւ լայն հորզոններ բացաւ խորհրդածութեան ու աշխատանքի դաշտերու ընդարձակման իմաստով։ Գիտէինք, սակայն վերանորոգեցինք մեր այն գիտակցութիւնը, որ հայուն եկեղեցին հաւաքականութենէն անջատ ու զանգուածին անհաղորդ վայր չէ, այլ մեր ժողովուրդը ի՛նք կը հանդիասնայ մեր եկեղեցին, եկեղեցին նոյնինքն ժողովուրդն է. առանց մէկուն, միւսը շատ բան կը կորսնցնէ իր իմաստէն, առաքելութենէն ու ազգային տեսլականներէն։ Այս իմաստով, վեհափառ հայրապետին նորագոյն հատորը՝ «Taking the Church to the People», ոչ միայն բաղձալի իրականութեան մը թելադրանքն է, այլեւ ազդու յանձնարարութիւն է միաժամանակ հայ հոգեւորականին ու հաւատացեալին։ Արդարեւ, եթէ հոգեւորականէն սպասում կայ վերանորոգուելու, վերակենսաւորելու մեր եկեղեցական կեանքը, նմանօրինակ սպասում կայ մեր ժողովուրդէն, որ դարեր շարունակ մեր եկեղեցին ճանչցած է իբրեւ ազգային հաստատութիւն, հայն ու քրիստոնեան համազօր արժէքներ նկատած է ու անոնցմէ մէկն ու մէկուն նսեմացումին մէջ տեսած է ամբողջութիւնը տկարացնող գործօն, մէկ խօսքով՝ մեր քրիստոնէութեան ու հայկականութեան վնաս բերող զարգացում։
Վերջապէս, վեհափառ հայրապետին բազում յանձնարարութիւններէն ու թելադրանքներէն մէկն ալ՝ մեր միասնութեան ու գործակցական աշխատանքներու ամրակայման հրամայականն է։ Այս մօտեցումն ալ նորութիւն չէ ու մեր սրբազան հայրերուն, բանաստեղծներուն ու մտաւորականներուն կողմէ բազմիցս թելադրուած է իրերայաջորդ սերունդներու, սակայն նման արժէքներու, աւանդներու վերյիշեցումը, մանաւանդ նորահաս սերունդներուն համար, անժամանցելի հրամայական է, զայն պէտք է մնայուն ուղեցոյցի վերածել այսօր, վաղը եւ միշտ, զայն մարմնաւորել մեր ազգային կեանքին մէջ։
Մեր թեմի զաւակներն ու մեզի հետ՝ ամբողջ հայութիւնը երախտագիտութեան զգացումներով առլցուն պիտի յիշեն մեր գահակալին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնն ու անկէ բխող անժամանցելի դասերը, յորդորներն ու պատգամները։ Մեզի կը մնայ հայրապետական փարոսէն արձակուած լոյսը արտացոլացումներով տարածել մեր կեանքին մէջ, թոյլ չտալ, որ այդ լոյսը տկարանայ, նսեմանայ ու աղօտ դառնայ. մեր կեանքի վերանորոգումը, մեր կրթական հաստատութեանց գործին շարունակումն ու զարգացումը, մեր Դատին կենսագործման ի խնդիր բազմակողմանի պայքարը այսօր եւ միշտ մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ անոնցմով պիտի երաշխաւորուին մեր ժողովուրդին ու ազգային արժէքներուն գոյատեւումը։
Հայրապետական մաղթանքին բառերը փոխ առնելով, մենք ալ կը խնդրենք Երկնաւոր Հօրմէն, որ երկար կեանք տայ մեր Հայրապետին, երկար գահակալութիւն պարգեւէ Հայոց Հօր, Իր Ս. Աջը հովանի պահէ Անթիլիասի, Հայ Եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ։