
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ կայացած հաւաքի մը ընթացքին, համալսարանին ուսանողները առիթ ունեցած են ծանօթանալու Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գրականութեան:
Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններու կողմէ հաստատուած Հայկական Ցեղասպանութեան գրադարանային հատորներու շարքին մասին ելոյթ ունեցած է Յակոբ Մանճիկեան, ներկայացնելով նման հրատարակութիւններ կատարելու հրամայականը, միաժամանակ շեշտելով Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներուն վկայութիւնները լոյս ընծայելու կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին, յայտնի լրագրող եւ համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս Մարք Արաքս ընթերցումներ կատարեց հրատարակուած երեք հատորներէն, որոնք անգլերէնի թարգմանուած են Իշխան Ճինպաշեանի կողմէ: