ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը, գերմանական «Ֆրիտրիխ Էբերտ» հիմնադրամին աջակցութեամբ, այսօր Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Սոցիալական բարեփոխումները Հայաստանում» թեմայով խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցին առողջապահութեան, բնակարանային ապահովման եւ զբաղուածութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ ներկայացնող մասնագէտներ։
Խորհրդաժողովին կը մասնակցին ներկայացուցիչներ քաղաքական կուսակցութիւններէ, համապատասխան նախարարութիւններէ, հասարակութեան շահագրգիռ խումբերէ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններէ եւ օտարերկրեայ դեսպանատուներէ:
«Մատչելի, հասանելի առողջապահութիւն, բնակարան, աշխատանք ունենալու իրաւունքների իրացումը այն հիմնահարցերն են, որոնցմով Հայաստանի կառավարութիւնը պարտաւոր է լինելու լրջօրէն զբաղուել առաջիկայում», կը նշեն հիմնադրամէն՝ յայտնելով, որ հետազօտութիւնները ներկայացնելու նպատակն է հանրային քննարկումներ սկսիլ այնպիսի ասպարէզներու մէջ, ուր կան լուրջ թերութիւններ եւ երկարաժամկէտ ու արդիւնաւէտ քաղաքականութեան պակաս:
Նշենք, որ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը հասարակական-ժողովրդավարական ուղղուածութեամբ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոն է, որուն նպատակն է Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ քաջալերել հանրային բանավէճերը, խթանել հաւասարութիւնը, ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը:
Comments 1