«Առանց ազգային դպրոցի եւ մամուլի գործօն մասնակցութեան, անկարելի եղած է պահել հաւաքականութեան մը ազգային դիմագիծը»։ Այսպէս կը վկայէ սփիւռքահայ գրող, քննադատ, հրապարակագիր, երբեմնի ուսուցիչ Պօղոս Սնապեան, իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ (Տեսնել՝ «Ասպարէզ»ի Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր, 2011ի թիւը)։
Ազգային դպրոց՝ ազգային մշակոյթ։ Ազգային դպրոցը՝ դարբնոց ազգային ինքնութեան եւ ազգային դիմագիծի կերտման։ Այս հաւատամքին ու սկզբունքին կը ծառայեն բոլոր հայկական վարժարանները՝ աշխարհի տարածքին, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ։
Հայրենիքէն դուրս իրենց հոգեկան հայրենիքը կերտած բազմահազար հայորդիներ, սուրբ թարգմանիչներու աւանդին ժառանգորդներ, ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կ՛ոգեկոչեն Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակը եւ անոր գիւտին արգասիքը հանդիսացող Ոսկեդարու փառքը, նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ տակաւ առ տակաւ ներմուծելով հայոց անցեալի, մշակութային արժէքներու եւ հայ գիրին ու գրականութեան նկատմամբ սէրն ու գիտակից յարգանքը։
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ջանք չխնայեց, ամբողջ ամսուան ընթացքին վարժարանի ամենակրտսեր հայկակներէն մինչեւ երկրորդականի կարգերը մշակութային տօնախմբութիւններ կազմակերպելու՝ դասարանային կամ արտադասարանային միջոցառումներով: Արդարեւ, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասապահերու ընդմէջէն պատկերացուցին Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը, սորվեցան թարգմանիչներու առաջին աշխատանքներէն պատառիկներ, ինչպէս առաջին թարգմանուած նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանն հանճարոյ» եւ իրենց շրթունքներով արտասանեցին հայոց լեզուին նուիրուած ոտանաւորներ ու երգեր, ինչպէս՝ «Ով Մեծասքանչ Դու Լեզու»ն։
Աշակերտները նաեւ առիթ ունեցան ծանօթանալու մշակութային այլ երանգներու. նախակրթարանի 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտները առիթ ունեցան համտեսելու հայկական շարիկն ու մածնապուրը, որոնց պատրաստութեան համար դպրոց հրաւիրուած էին կարգ մը ծնողներ. անոնք սիրով ստանձնած էին այս երկու աւանդական կերակրատեսակներու պատրաստութիւնն ու մատուցումը։ Աշակերտները քայլ առ քայլ հետեւեցան խաղողի րուպով եփած ընկոյզով շարիկի, նաեւ ցորենի ծեծածով եփուած համեղ մածնապուրի պատրաստութեան։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4ին, «Կարապետեան» սրահէն ներս գործադրուեցաւ հայ մշակոյթի ճոխ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ մանկապարտէզէն մինչեւ 2րդ կարգի աշակերտները։ Ա. կարգէն քանի մը աշակերտներ բացումը կատարեցին եւ հրաւիրեցին մանկապարտէզի աշակերտները՝ ներկայացնելու իրենց պատրաստած պատկերը։ Անոնք իրենց օրօրուող մատղաշ թաթիկներով եւ թեթեւ քայլերով բեմին վրայ ստեղծեցին հայկական աւանդական հարսանիքի տեսարան մը՝ անսահման խանդավառութիւն ստեղծելով ամբողջ ներկաներու սրտերուն մէջ։ Հայոց լեզուի դասատուները պատրաստած էին նաեւ մէկ այլ թատերական գողտրիկ տեսարան մը՝ ներկայացուած Ա. կարգի աշակերտներուն կողմէ. տեսարանին մէջ կը բեմադրուէր հայ ընտանեկան կեանքէ առնուած հաճելի պատկեր մը՝ համեմուած երգերով։ Մեսրոպ Մաշտոցը ներկայացնող աշակերտ մը օրհնեց ներկաները եւ քաջալերական խօսքերով շնորհաւորեց զանոնք։
Երկրորդ կարգի աշակերտներուն վերապահուած էր հայկական ազգային տարազներու ցուցադրութիւնը։ Անոնք ներկայացուցին հայոց աշխարհի զանազան շրջաններն ու նահանգները՝ իրենց տարազներու գեղեցիկ նմոյշներով։ Ծնողներու խանդավառ ծափողջոյններու տարափին տակ, անոնք հպարտ քայլերով տողանցեցին սրահին մէջ, ի տես զիրենք քաջալերող սիրելիներու եւ հարազատներու նայուածքներուն եւ գօտեպնդիչ խօսքերուն։ Սրահը զարդարուած էր ձեռային բազմաթիւ հայաշունչ աշխատանքներով եւ խմորով կառուցուած Այբուբենի քանդակներով։ Այս ձեռնարկին ընթացքին ներկաները հիւրասիրուեցան ազգային համադամ հերիսայով։ Օրուան հանդիսավարուհին խորունկ երախտագիտութեամբ դրուատեց վարժարանիս տնօրէնուհի դոկտոր Ալինէ Դուրեանը, որ միշտ զօրավիգ է հայկական բաժանմունքին եւ նեցուկ կը կանգնի նման գործունէութիւններու՝ վարժարանէս ներս դրական եւ արդիւնաւէտ դպրոցական տարեշրջան մը հունաւորելով։
Նոյեբեր 8ին, Դ. կարգի աշակերտները, առաջնորդութեամբ իրենց հայոց լեզուի դասատուին՝ ներկայացուցին «Մեսրոպ Մաշտոց Պատանի» թատերակը՝ աշակերտներու մասնակցութեամբ. թատերակը կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս պատանի Վարդան, հետագային՝ Մեսրոպ, ուխտագնացութեան կ՛երթայ Ալաշկերտի Սուրբ Կարապետ վանքը եւ կ՛որոշէ հոն մնալ ու հնարել աստուածատուր հայոց Այբուբենը։ Թատերական տեսարանը ճոխացած էր հայ ուխտաւորներու պարերով ու երգերով։
Մշակոյթի ամսուան ընթացքին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները դասարանային ներկայացումներով ելոյթներ ունեցան. ոմանք Այբուբենի պաստառներ, ուրիշներ հայկական զարդանախշերով գոգնոցներ պատրաստեցին. այլ աշակերտներ Powr Point-ի օգնութեամբ ներկայացուցին իրենց ազգային ժառանգութիւնը հանդիսացող մշակութային արժէքները՝ անգամ մը եւս հաստատելով, որ Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը փարոս մըն է ձուլման յորձանքին դէմ, իսկ աշակերտութիւնը կը շնչէ ու կը թրթռայ հայկականութեամբ ու ազգային ոգիով։