
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 23ին կեանքէն հեռացաւ փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, 84ամեայ փրոֆ. Հրանդ Յակոբեան:
Հ. Յակոբեան, 2010ին Հայաստանի նախագահին կողմէ արժանացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման: Ան պարգեւատրուած է նաեւ մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան ոսկէ մետալով, Երեւանի պետական համալսարանի ոսկէ մետալով, բազմաթիւ այլ պարգեւներով, պատուոգիրներով ու յուշամետալներով:
Հրանդ Յակոբեան հայրն է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ նախարար Յակոբեանին: