![1129hamazkayinArtists-Breakfast1[2]](https://asbarez.com/App/Asbarez/arm/2011/11/1129hamazkayinArtists-Breakfast12-1024x768.jpg)
ԼԻՒՍԻ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆ
Համազգայինի շրջանային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան քսան ամեակին առիթով տեղի ունեցած հաւաքական տօնախմբութիւն-ցուցահանդէսի ստեղծագործողներուն՝ համայնքիս հայ նկարող ու քանդակագործներուն հետ, գնահատելու եւ խորհրդակցելու միտումով։
Շատ մտերմիկ մթնոլորտի ու նախաճաշի սեղանի մը շուրջ անոնք յայտնեցին իրենց մեծագոյն մտահոգութիւնները, որոնք նաեւ պէտք է դառնան իւրաքանչիւրիս մտահոգութիւնը, որպէս մշակոյթի պահապաններ։
Մեծագոյն ու միասնական մտահոգութիւն էր՝ ունենալ կեդրոն մը, ուր երէց ու նորեկ արուեստագէտներ իրարու հետ շփում ունենալու առիթը պիտի ունենան, եւ նոյն կեդրոնին մէջ հերթականութեամբ իրենց գործերը պիտի ցուցադրեն, որպէսզի աւելի շատ թիւով ազգակիցներ հաղորդուին իրենց ստեղծագործութիւններով։
Ցուցահանդէսները առիթ կը ստեղծեն, որ մարդիկ տեսնեն գեղեցիկը, ապա ուզեն իրենց տունը տանիլ խորհրդաւորն ու ճաշակաւորը, իրենց տան մէջ ունենալ այժմէականն ու բարձր որակը։ Ի վերջոյ, արուեստագէտները ժողովուրդէն աւելի բարձր ճաշակ կը ցոլացնեն, կամ համամարդկային իրավիճակներ կը թափանցեն իրենց ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն։
Ահա թէ ինչո՛ւ ցուցահանդէսներու յարատեւութիւն պէտք է։ Արուեստագէտը ստեղծագործ է, արտադրող է։ Ան կ՛ուզէ որ իր գործը երեւան գայ, յարգուի ու գնահատուի։
Երրորդ անհրաժեշտ ազդակը այն էր, որ հայ արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները աւելի լայն տարածում գտնեն օտար շրջանակներու մէջ եւս։ Այսօր մենք խաբէութիւններ կ՛ապրինք այս նիւթական աշխարհին մէջ։ Ովկիանոսի մը մէջ երեւելի դառնալու համար, գերմարդկային ջանքեր կը տանինք։ Գաղտնիքը պարզ է՝ մեր մշակոյթը պէտք է լաւ ճանչնանք, գուրգուրանք, մեծարենք ու տեսանելի դառնանք։
Հայը միշտ ալ բարձրաճաշակ եղած է, սիրած ու գնահատած է իր պապենական փառքերը։ Եկէ՛ք շարունակենք այդ լաւ սովորութիւնները։ Փստօրէն, մարդը մահկանացու է, իսկ արուեստը՝ անմահ։ Հայ արուեստն է հայուն իւրայատուկ դարձնող միակ ազդակը։
Չեմ հաւատար, որ այսօր հայ տան մը մէջ պատէն կախուած հայ արուեստը չի ցոլար, ինչպէս հայ երաժշտութիւնը կամ գիր-գրականութիւնը։
Եկէ՛ք քայլ պահենք բոլոր հայ արուեստներուն հետ… Յարգենք ու գնահատենք Հայ արուեստը։
Ներկաներէն իւրաքանչիւրը իր սրտի խօսքն ու մտահոգութիւնները յայտնեց։ Անոնք գնահատեցին Համազգայինի շրջանային վարչութեան համագործակցութիւնը, շեշտեցին յարատեւութեան կարեւորութիւնը ու որպէս գնահատական՝ կտորներ նուիրեցին զարդարելու Համազգայինի վերանորոգուած ժողովասրահը, ինչպէս նաեւ դաշնամուր մը՝ մտերմիկ երեկոներ կազմակերպելու համար։
Վարչութեանս ատենապէտ Ռոժէ Խատարեան իր շնորհակալական խօսքը ամբողջացուց «æուրը կեանքի աղբիւրն է, իսկ արուեստը՝ հոգին» բառերով։