ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 28ին ընդունած է աշխատանքային այցով Ստեփանակերտ ժամանած ՀՀ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ նոյն յանձնաժողովի անդամներ Հրանդ Մատաթեանն ու Վարդան Խաչատրեանը:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Հայաստան միջխորհրդարանական համագործակցութեան հարցերը՝ առաւելապէս կանգ առնելով ոլորտային հարցերու վրայ, մասնաւորապէս՝ վերոյիշեալ յանձնաժողովին ու ԼՂՀ ԱԺ Պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահութեան հարցերու յանձնաժողովի փոխգործակցութեան խնդիրին վրայ։ Զրուցակիցները նշած են այդ ասպարէզին մէջ արձանագրուած դրական արդիւնքները, քննարկած են համագործակցութեան հետագայ աշխուժացման ուղիները, ձեւերն ու միջոցները:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նշեալ յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեան, յանձնաժողովի փոխնախագահ Անդրանիկ Սար-գսեան, անդամներ Վիտալի Բալասանեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, նաեւ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար Գարիկ Ժամհարեան: