ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 1ին այցելած է Արժանթինի խորհրդարանը եւ հանդիպած է Պատգամաւորներու տան փոխխօսնակ Օսքար Ակուատիի, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ալֆրետօ Աթանասովի եւ խումբ մը պատգամաւորներու, որոնց հետ միասին քննարկած է Արցախի ներքին կեանքին, արտաքին քաղաքականութեան, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արժանթինը հայ ժողովուրդին համար բարեկամական երկիր մըն է, եւ որ Արցախ շահագրգռուած է անոր հետ կապերու զարգացումով ու խորացումով:
Անդրադառնալով ատրպեճանա-ղարաբաղեան հիմնախնդիրին՝ Բակօ Սահակեան նշած է, որ հակամարտութեան չկարգաւորուած ըլլալուն հիմնական պատճառը՝ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնն է, որ ահաբեկչութեան դրսեւորումներէն մէկն է:
Արժանթինցի խորհրդարանականները կարեւոր համարած են ԼՂՀ նախագահին հետ հանդիպումը եւ ընդգծած, որ տեղեակ են Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին՝ բարձր գնահատելով յատկապէս ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղղութեամբ Արցախի ձեռքբերումները:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նոյն օրը՝ Դեկտեմբեր 1ին, մեկնած է Մոնթեվիտէօ, Ուրուկուէյ, ուր այցելած է Ուրուկուէյի Արեւելեան հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տունը եւ հանդիպած անոր խօսնակ Լուիս Լակալէի, արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մարիա Էլենա Լաուրնակայի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի խումբ մը անդամներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԼՂՀ ներքին կեանքին, արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Ուրուկուէյ կապերու զարգացման եւ տարածաշրջանային գործընթացներու վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ուրուկուէյին՝ հայ ժողովուրդին մշտապէս սատարելուն համար՝ աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը երբեք չի մոռնար այն իրողութիւնը, որ այդ պետութիւնը առաջինը հանդիսացած է պաշտօնապէս Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներու շարքին:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Ուրուկուէյի հետ կապերու սերտացումը դրականօրէն կրնայ ազդել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Սահակեան Ուրուկուէյի պատգամաւորներուն հետ յարգանքի տուրք մատուցած է այդ պետութեան ազգային հերոս Հոզէ Արտիկասի շիրիմին:
Մոնթեւիտէոյի մէջ Նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ուրուկուէյի մէջ գործող հայկական աւանդական կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Ան այցելած է Մոնթեւիտէոյի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին, հանդիպած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի թեմի առաջնորդ Յակոբ արքեպիսկոպոս Գլնճեանի եւ հայ համայնքի խումբ մը անդամներու հետ:
Նոյն օրը, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը վերադարձած է Պուենոս Այրես:
Նշեալ հանդիպումներուն մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան ու Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան: