
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի համերգ մը պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 12ին, Մոսկուայի մէջ Քրեմլինի պետական պալատէն ներս։
Հայկական ծագումով աշխարհահռչակ երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուր գրած է աւելի քան 1000 երգ, որոնցմէ շատերը ընդգրկուած են ֆրանսական էսդրատայի գանձարանէն ներս, նաեւ խաղացած է աւելի քան 60 դեր՝ թատրոնի եւ շարժապատկերի մէջ, իսկ անոր կատարումով ձայնասկաւառակները վաճառուած են աւելի քան 100 միլիոն օրինակով: Ազնաւուր առաջին ֆրանսացին էր, որուն ձայնասկաւառակը Եւրոպայի մէջ փլաթինէ կարգավիճակ ստացաւ:
«Թայմ» թերթի եւ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ իրականացած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, Շարլ Ազնաւուր ճանչցուած է իբրեւ 20րդ դարու էսդրատային լաւագոյն կատարողը:
Միջազգային բազմաթիւ պարգեւներէ բացի, Շարլ Ազնաւուր արժանացած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեկէոն» շքանշանին, պարգեւատրուած է Հայաստանի պետական բարձրագոյն պագեւով՝ «Հայաստանի ազգային հերոս» կոչումով եւ Հայրենիքի շքանշանով, ինչպէս նաեւ «Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրման համար»՝ Պատուոյ շքանշանով: