ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ իշխանութիւնները Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9ին փակած են Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Նուսայպին եւ Աքճաքալէ անցակէտերը. իբրեւ հետեւանք, երթաչեւեկութեան տագնապ մը ստեղծուած է սահմանին վրայ: Այս շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սուրիոյ սահմանապահ ուժերը ձախողութեան մատնած են Իտլիպ նահանգին մէջ 35 զինեալներու խումբի մը Սուրիա ներթափանցելու փորձը՝ վիրաւորելով անոնցմէ շատերը, որոնք դէպի Թուրքիա փախուստ տուած են:
«Արապիա» կայանը Հինգշաբթի օր դէպքին մէկ այլ տարբերակը հաղորդեց։ Ըստ կայանին, սուրիական բանակը կրակ բացած է թրքական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ, ինչ որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ լարուածութիւն յառաջացուցած է։ «Արապիա» նաեւ հաղորդած է, որ սուրիական բանակը Քամիշլիի մէջ հրասայլեր տեղակայած է, առ ի պատրաստութիւն արտաքին զինուորական միջամտութեան մը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ չի փափաքիր Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել, սակայն ընդգծեց, որ «ձեռնածալ պիտի չմնանք, եթէ շրջանային ապահովութիւնը վտանգի ենթարկուի»։ Ան նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ըրաւ ցուցարարներ սպաննողները պատժելու։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ թուրք քաղաքացիներուն, որ եթէ ստիպուած չըլլան՝ Սուրիա չճամբորդեն: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ Անգարա Սուրիա ապրող կամ այս երկիրը այցելող թուրքերուն ինչքի եւ կեանքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, Դամասկոսի Թուրքիոյ դեսպանատան եւ Հալէպի հիւպատոսարանին հետ տեւաբար հաղորդակցութեան մէջ է։
Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, թէ Անգարա Սուրիոյ դէմ իր հաստատած պատժամիջոցներու ծիրին մէջ, իր դրամատուներուն մօտ պահ դրուած 120 միլիոն տոլար արժողութեամբ սուրիական գումարները սառեցուցած է։
Նաեւ, Ռուսիայէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Պրազիլէն եւ Հարաւային Ափրիկէէն բաղկացած «Պռիքս» համախմբումը վերահաստատեց «Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեան իր կտրուկ մերժումը»։
Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ ստացած է արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի Սուրիա դէտեր ուղարկելու արձանագրութեան ստորագրութեան շուրջ Արաբական լիկային յղած նամակին պատասխանը, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան կողմէ կը սերտուի։