ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգգացման կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած տեղեկագիր մը ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի տարածաքին եկամուտներու անհաւասարութիւնը կը շարունակէ աճիլ, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ ունենալ ամենաբարձր տարբերութիւնը հարուստներու եւ չքաւորներու եկամուտներուն միջեւ: Ըստ ուսումնասիրութեան, աշխարհի երկիրներու ամենահարուստ 10 տոկոսին միջին եկամուտը 9 անգամ աւելի է, քան ամենաաղքատ 10 տոկոսին եկամուտը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամենահարուստ 10 առ հարիւրին եկամուտը 14 անգամ աւելի է, քան ամենաաղքատ 10 առ հարիւրին եկամուտը: Այդ համեմատութիւնը 10 անգամ էր 80ականներուն: Եկամուտներու տարբերութեանց միջեւ վիհը սկսած է խորանալ նաեւ եւորպական պետութեանց մէջ: Այդ տարբերութիւնը շեշտուած է յատկապէս Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ:
Դանիոյ, Չեխիոյ, Պելճիքայի ու Նորվեկիոյ մէջ ամենահարուստ 10 առ հարիւրին եկամուտը միայն 5 անգամ աւելի է, քան ամենաաղքատ 10 առ հարիւրին եկամուտը: Իրլանտա, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Թուրքիա այն հազուագիւտ երկիրներէն են, ուր եկամուտներու միջին տարբերութիւնը նուազած է վերջին 30 տարիներուն:
Անցեալ Հոկտեմբերին հրապարակուած քոնկրեսական յանձնախումբի մը ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ 1 տոկոսը 1979էն 2007ի միջեւ կրցած է իր եկամուտը 275 տոկոսով պարարտացնել, մինչ երկիրին ընդհանուր բնակչութեան մէջ ամենանուազ եկամուտ ապահովող 20 տոկոսին պարագային, այդ աճը միայն 18 տոկոս եղած էր: Միջին դասակարգ նկատուող բնակչութեան 60 տոկոսին մօտ եկամուտի աճը գրեթէ 40 տոկոս եղած է նշեալ 28 տարիներուն ընթացքին: Նաեւ, 2007ին ամենահարուստ քաղաքացիներու մէկ տոկոսին եկամուտը 17 առ հարիւրը կազմած է ամբողջ երկիրի եկամուտին, մինչ այդ համեմատութիւնը 8 տոկոս էր 1979ին: