
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման (նախքան Հայաստան մեկնիլը) ընդունեց ՀՄԸՄի եւ Լիբանանի փինկ-փոնկի դաշնակցութեան միացեալ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, ՀՄԸՄի փինկ-փոնկի խումբերու մարզիչ Րաֆֆի Մումջողլեան, փինկ-փոնկի դաշնակցութեան նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ անդամներ՝ Ուաէլ Նուրէտտին եւ Ահմետ Արաքճի. անոնց կ՛ընկերանար Արեւմտեան Ասիոյ փինկ-փոնկի ախոյեան Դուին Մումջողլեան, որ իր շահած բաժակը նուիրեց նախագահին:
Նախագահը գնահատեց Դուին Մումջողլեանի իրագործումը՝ յուալով, որ ան նաեւ լաւ արդիւնքներ արձանագրէ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն, ապա նախագահը յուշանուէր մը յանձնեց Դուին Մումջողլեանին: