
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասին Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8ին հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքիի, Պեռնար Ֆասիէի եւ Իկոր Փոփովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի ու Ժագ Ֆորի հետ, որ Յունուարին պիտի ստանձնէ ֆրանսացի համանախագահին պաշտօնը:
Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման ժամանակ քննուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքի առնչուած հարցեր՝ նկատի ունենալով Դեկտեմբերի 6-7ին, Վիլնիւսի մէջ կայացած ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին արդիւնքները: