ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մարտ 1»ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեան, Դեկտեմբեր 12ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ «Մարտ 1»ի գործով քննչական խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակէ նոյն գործի ընթացքին վերաբերեալ զեկոյց մը:
Ըստ Յարութիւնեանի, նշեալ գործով հարցաքննուած են այն փոխոստիկանապետները, որոնք համակարգած են Մարտ 1, 2008ին Ազատութեան հրապարկին եւ այնուհետեւ զանգուածային անկարգութիւններու վայրերուն մէջ ոստիկանութեան գործողութիւնները:
Հայաստանի նախագահի յանձնարարականէն ետք հարցաքննուած է շուրջ 500 անձ: Ըստ քննչական խումբի նոր ղեկավար Վաղինակ Ճանազեանի, երեք անձերու մահուան դէպքերուն առնչութեամբ ներկայիս կան կասկածելի չորս ոստիկաններ, որոնք իրենց մեղքը չեն ընդունած:
Նոյն գործով հետախուզման մէջ կը գտնուի քաղաքացի Վիրապ Մանուկեանը: