STRUCTURE MANUFCTURING
OF FINE JEWELRY, INC.
560 South Hill St. Suite # 1680
Los Angeles, CA 90013
Work (213) 489-4081
structurela@yahoo.com
Սեփականատէր՝
Արթիւր Գարճեան
—————————
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
—————————-
Շրջանիս ոսկերիչներուն նուիրուած այս թիւին մէջ կը ներկաձացնենք Արթիւր Գարճեանն ու իր սեփական STRUCTURE MANUFACTURING OF FINE JEWELRY, INC. ոսկերչական հաստատութիւնը:
1.- ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արթիւր Գարճեան ծնած է Հալէպ-Սուրիա: Շատ փոքր տարիքէն, կեանքի զանազան պայմաններու բերումով իր ծնողքը հաստատուած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Մեսրոպեան եւ Թէքէեան վարժարաններէն:
Աւելի բարձր ուսման չէ հետեւած, որովհետեւ շատ կանուխէն նետուած է կեանքի ասպարէզ, նախ հօրը փուռը աշխատելով, ապա՝ ոսկերչատան մը մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, ինքն ալ հազարաւոր հայորդիներու նման գաղթած է երկրէն եւ հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս:
Արթիւր նախ աշխատած է օտար ոսկերիչներու մօտ, ապա, շնորհիւ իր հմտութեան եւ մանաւանդ իր արհեստին հանդէպ ունեցած սիրոյն ու իր ժրաջան ու յարատեւ աշխատանքին, քանի մը տարի ետք բացած է իր սեփական ոսկերչատուն-աշխատանոցը:
Ոսկերիչ Գարճեան կը հաւատայ, որ ինքնազարգացման ճամբով եւ մանաւանդ աշխատանքով մարդ իր կեանքի ընթացքին կրնայ հասնիլ իր նպատակներու իրագործման:
Արթիւր Գարճեան ամուսնացած է Լուսինէ Յակոբեանի հետ: Ունի երկու մանչ՝ Ռազմիկ եւ Րաֆֆի, որոնք իրենց հօր նման աշխատասէր եւ հետեւողական են: Անոնք ընտրած են ուսման ճանապարհը՝ փայլուն ապագայի մը ի խնդիր:
2.- ԳԱՐՃԵԱՆ
ՈՍԿՐԵՉԱՏՈՒՆ-ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Գարճեանի համար ոսկերչութիւնը արհեստ ըլլալով հանդերձ արուեստ ալ է: Մարդ իր կեանքին մէջ յաջողելու համար պէտք է սիրէ իր ընտրած ասպարէզը, իր գործը:

Գործը, աշխատանքը, արհեստը սիրել եւ յարգել: Ասոնք են էական ու գործնական յենակէտերը իր կեանքին: Այլ խօսքով իր արհեստանոցը, իր ընկերութիւնը դէպի յաջողութեան տանող ազդակները: Ասոնց վրայ ինք կ՛աւելցնէ նաեւ, թէ պէտք է գործին մէջ ըլլալ պարկեշտ ու տրուած խոստումը կամ ժամկէտը յարգել գիտցող:
Անոնք, որոնք այցելած են նշեալ արհեստանոց-հաստատութիւնը եւ կամ որոշ չափով մօտէն կամ հեռուէն անձնապէս գաղափար մը ունին Արթիւր Գարճեանի կեանքին եւ կամ իր տարած աշխատանքին մասին, կրնան լաւագոյն վկայութիւնները տալ իր մասին:
Գարճեանի արհեստանոցը, ինչպէս ամերինակցիներուն համար սովորութիւն է արտայայտել, «էյ թու զի», «Ա.էն մինչեւ Օ եւ Ֆ» տեղւոյն վրայ ամբողջական արտադրանք տալու հնարաւորութիւն ունի, ամէն ինչ տեղւոյն վրայ կը պատրաստուի:
Այսպէս մատանիի մը նախնական գծագիրի ստեղծումէն կամ մանրանկարէն մինչեւ «մոտէլ»ը, ապա կաղապարը եւ ապա անոր վրայ պէտք եղած ադամանդներու շարուածքը հոն՝ աշխատանոցէն ներս կը կազմակերպուի ու կ՛իրագործուի, կանոնաւոր կերպով եւ օրին կը յանձուի պատուիրող յաճախորդին:
Այս հիման վրայ է, որ իր հասատութեան գլխաւոր կամ մեծ յաճախորդները՝ Պոսթընի, Շիքակոյի, Նիպրասքայի, Թեքսասի եւ Նիւ Եորքի մէջ հանրածանօթ ոսկերչատուներն ու ադամանդի հսկայ վաճառատուներն ու վաճառականները գոհ մնացած են եւ տասնամեակներով կը շարունակեն հաւատարմօրէն անոր ծառայութիւններուն դիմել:
Ինչո՞ւ. կրնան շատեր հարց տալ:
Առ ի պատասխան՝ Գարճեան կ՛ըսէ, թէ իբրեւ ոսկերիչ, իր կեանքին մէջ սորված է հետեւեալ սկզ-բունքները, զորս կը գործադրէ ամէնօրեայ ճշդապահութեամբ. Այսպէս, նախ գործին մէջ նախապայման է յաճախորդը գոհ պահել, տրուած խոստումը ժամանակին յարգել եւ ապսպրուածը՝ որակեալ ձեւով ներկայացնել կամ հրամցնել, իսկ ամէնէն վերջը նպաստաւոր սակագին մը որոշել:
«Եթէ այս երեք կէտերէն երկուքը միասին կարողացար յաճախորդին անպայման ապահովել, արդէն իսկ շահած ես անոր վստահութիւնը:

«Շնորհիւ աշխատասիրութեանդ, բարի եւ անուշ վերաբերմունքիդ, զոհաբերող հոգիիդ եւ կորովիդ, արդէն շուտով եւ ինքնաբերաբար կը դառնաս հանրածանօթ անձ մը». կ՛եզրակացնէ Գարճեան:
Շնորհիւ իր սպասարկութեան, յաճախորդներուն հետ ունեցած վերաբերմունքին եւ վաճառած ապրանքներուն որակին, եւ հաւասարակշռուած գիներուն, առաջին իսկ օրէն ան շահած է վաճառականներու համակրանքը եւ ասկէ մեկնած՝ իր հաստատութիւնը տարուէ տարի դէպի յաջողութիւն կ՛ընթանայ:
Պարզ օրինակ մը մէջբերելով Գարճեան համեստօրէն կը հաստատէ, որ տակաւին տարի մը առաջ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած 45th Annual Academy Of Country Music Awards-ին կապոյտ saphires եւ բազմաթիւ անդամանդներով պատրաստուած օրուան բարձրարժէք բաժակը Brooks & Dunn երգիչներուն յանձնուած, իբրեւ 2010 Lifetime Achievement Awards, Dunn (Top ACM Award Winners in History). եղած էր իր մտայղացումը, ծրագրումը ձեւաւորումն ու պատրաստութիւնը:
Նոյնպէս նոյն հրապարակային ձեռնարկին երգչուհի Carrie Underwood-ին յանձնուած բաժակը, իբրեւ 2010 entertainer of the year (rubies) դարձեալ պատրաստուած էր իր կողմէ:
Գարճեան սոյն բաժակները պատրաստող հինգ այլ հանրայայտ վաճառատուներու հետ մրցած ու իբրեւ մտայղացում եւ ծրագրում առաջնութիւն շահելով իրեն յանձնուած է այս մեծ, պատմական ու արժէքաւոր բաժակներու պատրաստութիւնը:
Անկասկած, որ իր այս մեծ գործին եւ մտայղացման իրագործման առթիւ շահած էր յարգանք եւ ունեցած էր հայու արդար այն հպարտանքը, որ այս հսկայ երկրին մէջ, մեծ մրցակիցներ ունենալով հանդերձ, կրցած էր շահիլ առաջին դիրքը:
Այս մրցանքին առթիւ զգացած հպարտութեան ան բաժնեկից կը դարձնէ իր համայնքն ու իր ազգը:
Անկասկած, որ այսօր ան փնտռուած անձ մըն է, յարգուած արհեստաւոր մը եւ հայ արուսետագէտ մը՝ ոսկերիչներու աշխարհին մէջ:
3.- Ո՞Վ Է
ԱՐԹԻՒՐ ԳԱՐՃԵԱՆԸ
ՄԵՐ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՆԵՐՍ
Իր հաստատումով իսկ, տունը իր ընտանեկան միջավայրը մեծ դեր ունեցած է իր ազգային գիտակցութեան կազմաւորման վրայ: Ասկէ մեկնած, հակառակ իր ծանրաբեռնուած աշխատանքին, երբեք ինքզինք հեռու չէ պահած համայնքէն եւ անոր յարատեւութեան ձգտող աշխատանքներէն:
Միշտ մօտէն հետեւած է շրջանի հայկական ստեղծագործ ծրագիրներուն եւ միաժամանակ

խանդավառուած ու իր զանազան միջոցներով զանոնք ալ խանդավառ պահած:
Նաեւ ՀՄԸՄի ճամբով ունեցած է միութենական լայն գործունէութիւն: Տարիներով եղած է ու տակաւին հիմա ալ ինք անդամ է Փասատինայի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Ինք մարմնամարզութիւնը իր կեանքին անբաժան մաս դարձուցած է, նաեւ պատրաստ եղած է նիւթապէս եւ բարոյապէս անսակարկ օժանդակելու իր անդամակցած կազմակերպութեան եւ միութեան:
Այսօր, վարչական իր գործընկերները կրնան հաստատել, թէ Արթիւր Գարճեան անձայն եւ անաղմուկ միշտ օժանդակած է իր անդամակցած միութեան բազմազան ծրագիրներու յաջողութեան ձգտող աշխատանքներուն ու համայնքէն կամ ազգային կեանքէն ներս անշշուկ ներդրում ունեցած է:
Բոլոր գիտակից հայորդիներուն նման, ինքն ալ կը հաւատայ, որ ազգերու պարագային երիտասարդութիւնն է ապագան կերտողը: Իր մեծ փափաքն է, որ մեր նոր սերունդն ալ իր կարգին նախ տեսիլք ունենայ, հայօրէն գոյատեւէ, հետապնդելիք նուիրական նպատակներ որդեգրէ, հպարտ ապրի ու չմոռնայ իր լեզուն ու հայրենիքը եւ իր ուժերուն ներած չափով միշտ անվարան օգտակար դառնայ գաղութին, իր պատկանած միութեան ու նաեւ իր հայրենիքին:
Ներկայ մեր իրականութեան մէջ զարգացած եւ յանձնառու երիտասարդութեան վիճակուած է անփոխարինելի դերակատարութիւն, կը կրկնէ շարունակ: Իրեն համար ամէն շրջանէ ներս էական է նաեւ հայ միութեան, հայ ակումբին, հայ կեդրոնին կամ հայ տան ներկայութիւնը, անոնց մաքուր եւ անբիծ մթնոլորտը:
Միւս կողմէ ան իբրեւ կուսակցական կը հաւատայ նաեւ, որ մեր գաղութէն ներս ներդաշնակ համագործակցութիւնն է, որ միայն կրնայ գերագոյն նպատակներու հասցնել:
Ի տես իր եւ գաղութի բազմազան իրագործումներուն ստեղծած խանդավառութեան, ինքզինք միշտ լաւատեսութեամբ ներշնչած է: Ամէն առիթներով, իր անմիջական կամ օտար, ծանօթ կամ անծանօթ շրջապատէն ներս, միշտ հպարտ եղած է իր ազգութեամբ ու հայութեամբը ու այս ձեւով ալ դաստիրակած է իր զաւակները:
Ինք կը հաւատայ այն վարքագիծին, թէ մարդ իր կեանքին մէջ ինչ գործ որ պիտի ձեռնարկէ, զայն յաջողեցնելու համար պէտք է իր երազին ընկերակցի նաեւ կամքն ու յարատեւ պայքարը: Ահա այս ձեւով է, որ ան իր զաւակները կ՛առաջնորդէ: