ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գալիք տարին, չինական համաստեղութեան համաձայն՝ Վիշապի տարի է: Կլոր տարի չէ, կ՛ուզենք սուր տարի դարձնել զայն:
Ինչպէ՞ս:
«Ասպարէզ» երբեք չէ խուսափած սուր հարցեր դիմագրաւելէ: Այսուհանդերձ, մեր էջերը, սուր հարցադրումներու եւ ցաւոտ խնդիրներու արծարծման, ինքնաքննադատութեան կամ քննադատական տեսակէտէն՝ այնքան ալ հարուստ չեն եղած:
Կը գիտակցինք, որ սուր հարցադրումները, համայնքի պատասխանատուները, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ղեկավարները ցաւագին հարցերու դէմ յանդիման բերելը ու անոնցմէ պատասխաններ պահանջելը կրնան թերթի ընթերցողներու շրջանակը առաւել ընդարձակել՝ միեւնոյն ժամանակ մեր հասարակական կեանքը աշխուժացնելով:
Այս առաջադրանքով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը պիտի ունենայ իր «Սուր անկիւնը»ը, ուր տեղ պիտի գտնեն մեր ընթերցողներուն կողմէ տրուած հարցումները, որոնց պատասխանները մենք պիտի պահանջենք եւ փորձենք ապահովել՝ հարցերուն առնչուող կազմակերպութիւններու պատասխանատուներէն:
Այս ձեւով, «Ասպարէզ» պիտի փորձէ դառնալ կամուրջ մը հաղորդակցութեան երկխօսութեան բեմ մը՝ մեր համայնքի ու ազգի ցաւերով տագնապողներուն ու հասարակական կեանքը ղեկավարող գործիչներուն միջեւ:
Որքանո՞վ կը յաջողինք այս «անկիւնը» դարձնել սուր, որքանո՞վ կը յաջողինք անոր վրայ ձեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել՝ կախուած է մեր փոխգործակցութենէն, ընթերցող-խմբագրութիւն հաղորդակցութեան ճանապարհները բաց պահելու կարողութենէն:
Առաջադրուածը անշուշտ թեթեւաբարոյ ու զգայացունց հարցերու արծարծումը չէ, սակայն, նաեւ այս բնութագրումներու ետին թաքնուիլը կամ կեղծ լրջութեան մը քղամիդին տակ մշտապէս խաղաղ ու անխռով գոյութիւն մը պահպանելն ալ չէ:
Ահա մեր առաջադրանքը: «Սուր անկիւն»ի հասցէն՝ «Ասպարէզ»ն է, 6րդ էջը: Հարցերը եւ պատասխանները (ականջը խօսի Զարեհ Սափսզեանին) տեղ պիտի գտնեն այդ էջին վրայ, երբ հասնին մեզի, անշո՛ւշտ: