ԹԻՖԼԻՍ, «Երկիր».- Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէ մտահոգ է երկրի ժողովրդագրական վիճակով: Անոր համաձայն, վրացի ժողովուրդը «ոչնչացման եզրին է», իսկ իշխանութիւնները ոչինչ կ՛ընեն երեխաներու ծնունդը խթանելու համար: Շեւարտնածէ ներկայ Վրաստանը բաղդատած է 20րդ դարու 30ական թուականներուն հետ, երբ Վրաստանի մէջ վրացիները աւելի քիչ էին, քան հայերն ու ատրպէյճանցիները:
«Վրաստանի ներկայ իշխանութիւնները անգիտակցաբար «Վրաստանը առանց վրացիներու» քաղաքականութիւն կ՛իրականացնեն, ոչ մէկ քայլի կը դիմեն երկրի ժողովրդագրական վիճակը շտկելու հարցով, մինչդեռ Վրաստանի դրացիները կը բազմանան եւ իրենց երկիրներու սահմաններէն դուրս գալով՝ կը սկսին նուաճելու Վրաստանի տարածքը», յայտարարած է նախկին նախագահը:
Ծերուկ աղվեսը խելքը թռցրել է:
Lav kliner vor meronk el mi kitch dra masin mtatsein.shutov mer rive khasni 2 millioni .da klini mer verdje!