ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայ խաղաղապահներու 40 հոգիէ կազմուած խումբը Չորեքշաբթի, 12 Յունուարի երեկոյեան մեկնեցաւ Գերմանիա, իսկ այնուհետեւ՝ Աֆղանիստան:
«Սովորաբար զօրքը Գերմանիոյ մէջ կը մնայ 20 օր, ուր կ՛իրականացնէ վերապատրաստման փորձեր: Անկէ ետք կը մեկնի Աֆղանիստան՝ փոխարինելու Գունտուզի մէջ տեղեկայուած հայ խաղաղապահ զօրքը», «Թեր»չի թղթակիցին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան:
Այս պահուն Աֆղանիստանի մէջ գտնուող հայ խաղաղապահները Հայաստան պիտի վերադառնան Փետրուարին: