10 Յունուար 2011ին սկսաւ գործել «Թերթ.am»ի արեւմտահայերէն բաժինը, որ առայսօր Հայաստանի մէջ ամբողջութեամբ արեւմտահայերէն գործող միակ լրատուական կայքն է:
Յուրախութիւն մեզ՝ կարճ ժամանակի ընթացքին՝ աշխարհի տարբեր ծայրամասերէն ունեցանք ընթերցողներու մեծ բանակ: Մեր ընթերցողներու ցանկին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն Թուրքիոյ, ԱՄՆի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մեր հայրենակիցները, անոնց կը յաջորդէ Գանատա, Սուրիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Ծոցի Երկիրներ, Գերմանիա, Յորդանան, Պելճիքա, Շուէտ, Պրազիլ, Կիպրոս, Ռուսիա, Աւստրալիա, Քուէյթ, Եգիպտոս, Նիտրլանտ եւ Իսրայէլ: Ուրախութեամբ կ՛ուզենք նշել, որ Հայաստանի մեր ընթեցողները միայն սփիւռքահայեր չեն. արեւելահայ բազմաթիւ ընթերցողներ կը տեղեկացնեն մեզի, որ իրենք կ՛ընթերցեն նաեւ «Թեր»չի արեւմտահայերէն տարբերակը, որովհետեւ անոնց համար հաճելի է հայերէնի այդ տարբերակը՝ ուր կը գտնեն իրենց արմատներուն «բուրմունք»ը:
Հետեւաբար, վստահօրէն կրնանք հաստատել, որ «Թերթ.am»ը արեւմտահայերէն բաժին ստեղծելու իր համարձակ նախաձեռնութեամբ կրցաւ հասնիլ իր նպատակին՝ դառնալով Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման կարեւոր օղակներէն մէկը:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր ընթերցողներուն, որոնք «Թեր»չի լուրերուն հետեւելէն բացի, Facebook հասարակական ցանցին միջոցով կը տարածեն իրենց կարդացածը, ինչպէս նաեւ իրենց նամակներով ու կարծիքներով խթան կը հանդիսանան արեւմտահայերէն թերթի տարածման, որ այսօր խիստ անհրաժեշտ է Սփիւռքի համար: Անոնք նաեւ ուժ ու եռանդ կու տան մեզի՝ մեր աշխատանքը առաւել գօտեպնդուած շարունակելու համար:
«Թերթ.am»